ՀՅԴն Ընտրութիւններուն Կը Մասնակցի «Ազատութիւն, Արդարութիւն, Դաշնակցութիւն» Կարգախօսով

By Asbarez | Wednesday, 21 March 2012

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան 21 Մարտին լրագրողներուն ներկայացուց Դաշնակցութեան կարգախօսը, որով կուսակցութիւնը կը պատրաստուի մասնակցելու Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

«Ազատութիւն, արդարութիւն, դաշնակցութիւն. սա է մեր կարգախօսը, ընդ որում՝ դաշնակութիւն ասելով մենք միայն կուսակցութեան անունը նկատի չունենք, այլեւ դաշնակցութիւն՝ բառիս բուն իմաստով», նշեց Ռուստամեան եւ աւելցուց, որ ըլլալով ընկերվարական կուսակցութիւն՝ Դաշնակցութիւնը այս անգամ եւս ընտրութիւններուն կը մասնակցի զուգահեռաբար երկու զինանշաններով‘ կուսակցութեան զինանշանը եւ ընկերվար միջազգայնականի նշանը:

comments