ՀՅ Դաշնակցութեան Երիտասարդական Համահայկական Խորհրդաժողովը Կ՛աւարտի

By Asbarez | Monday, 26 March 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 22-24 Մարտին ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու վարչութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողով:

Խորհրդաժողովին մասնակցեցան տասներկու երկիրներէ Երեւան ժամանած ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու բարձրագոյն մարմիններու 25 ներկայացուցիչներ:

Խորհրդաժողովի բացումը տեղի ունեցաւ Եռաբլուրի մէջ, ուր մասնակիցները ծաղկեպսակներ զետեղեցին իրենց կեանքը հայրենիքին նուիրած ազատամարտիկներու շիրիմներուն վրայ։

Յաջորդ օրը մասնակիցները այցելեցին Ազգային ժողով, ուր հանդիպում ունեցած ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի հետ, որ ներկայացուց խմբակցութեան գործունէութիւնն ու պատասխանեց մասնակիցներուն հարցումներուն, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին Հայաստանէն արտագաղթին, երկրին մէջ առկայ ընկերային–տնտեսական հարցերուն եւ այլն։

Այս ծիրին մէջ նաեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի Երիտասարդական խորհրդարանի անդամներուն հետ՝ իբրեւ քննարկումի նիւթ ունենալով Հայաստան–Սփիւռք երիտասարդական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները։

Համահայկական խորհրդաժողովին ընթացքին ներկայացուեցաւ միութիւններու միամեայ գործունէութեան զեկուցումները, անդրադարձ կատարուեցաւ արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ բացթողումներուն, քննարկուեցան ՀՅԴ Երիտասարդականին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները։ ՀՅԴ Երիտասարդականի հայեցակարգի եւ քառամեայ ռազմավարական նպատակներու հիման վրայ մշակուեցաւ գործունէութեան ծրագիր՝ ելակէտ ունենալով քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման ու երկրի հզօրացման նպաստող աշխատանքները։

Նշենք, որ ՀՅԴ Երիտասարդականը ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական կազմակերպութիւնն է, որ կը գործէ Հայաստանի եւ 17 այլ  երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Արժանթինի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Ռուսիոյ, Կիպրոսի եւ այլ երկիրներու մէջ։

ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու համահայկական կամ շրջանային բնոյթի աշխատանքները կը համակարգուին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի միջոցով, որ 2001էն ի վեր հաստատուած է Երեւանի մէջ։ ՀՅԴ Երիտասարդականը ունի աւելի քան 10 հազար անդամ։

comments