Դաշնակցութեան Յոյսը Ժողովուրդն Է. Կը Հաստատէ Վ. Յովհաննէսեան

By Asbarez | Monday, 26 March 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու», «Նիուզ», «Երկիր».– 26 Մարտին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատգամաւոր Վահան Յովհաննէսեան խօսած է 6 Մայիսին Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն եւ անոնց նկատմամբ Դաշնակցութեան մօտեցումներուն ու ակնկալութիւններուն մասին։ Ան նաեւ պատասխանած է թղթակիցներուն հարցումներուն։

Վ. Յովհաննէսեան անդրադարձած է նաեւ այն երեւոյթին, որ այսօր թէեւ կայ յուսախաբութիւն, սակայն անկէ կարելի է դուրս գալ Դաշնակցութեան միջոցով, նաեւ շեշտելով, որ մինչ այլ քաղաքական ուժեր իրենց յոյսը կը կապեն արտաքին ճնշումներուն կամ ներքին հարցերուն, Դաշնակցութեան միակ յոյսը ժողովուրդն է։ Ըստ անոր, այդ պատճառով ալ ՀՅԴն միշտ առաջնահերթ կը նկատէ ժողովուրդին առնչուող ընկերային–տնտեսական հարցերու լուծումը։

Ըստ Յովհաննէսեանի, ժողովուրդին մօտ կը տիրէ համատարած հիասթափութիւն, որ ժողովուրդին մօտ անտարբերութիւն կը ստեղծէ, ինչպէս նաեւ կ՛առաջնորդէ այն կացութեան, որ մարդոց մօտ շեշտուի դրամով քուէ տալու պատրաստակամութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, Յովհաննէսեան աւելցուցած է, որ «բայց միւս կողմից էլ՝ հիասթափութիւնը վատ բան չէ, քանի որ հիասթափուածների համար կայ այլընտրանք, այն է՝ ՀՅԴն»: Ըստ անոր, այս մտավախութեամբ է, որ միջազգային կազմակերպութիւններ աւելի կը շեշտեն հսկողութեան եւ ժողովուրդին մօտ գիտակցութեան տարածման անհրաժեշտութիւնը։

ՀՅԴի նախընտրական ծրագիրին մէջ յատուկ կերպով շեշտը դրուած է ընկերային–տնտեսական ուղղուածութեան եւ առկայ հարցերու լուծման վրայ, նշած է ան՝ հաստատելով, որ Դաշնակցութեան ծրագիրը ասո՛վ կը տարբերի միւս կուսակցութիւններուն ուղեգիծէն։

Ան դիտել տուած է, որ Դաշնակցութիւնը կ՛ակնկալէ այս ընտրութիւններուն ունենալ գէթ այնքան խորհրդարանական աթոռ, որքան ունի այսօր (16), սակայն քիչ հաւանական կը նկատէ իշխանութեան հետ քոալիցիոն կազմելը։

«Մեր ցուցակը տարբերւում է, դրական է: Բայց էլի կան ցուցակներ, որոնցում յաջող գիւտեր կան», ընդգծած է Վահան Յովհաննիսեան եւ աւելցուցած, որ քոալիցիոն ուժերու ցանկերուն մէջ չկայ թարմութիւն, «նոյն չինովնիկներն են՝ իրար հետեւից շարուած»:

«Ես չեմ հասկանում քոալիցիայի իմաստը, եթէ որեւէ ուժ հաւաքել է ձայների բացարձակ մեծամասնութիւնը: Եթէ դա նշանակում է պատասխանատուութիւնը սուաղել, լղոզել եւ մասամբ գցել ուրիշների վրայ, նման քոալիցիայում մեր տեղը չենք տեսնում», ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատգամաւոր Վահան Յովհաննէսեան:

Համեմատելով նախորդ՝ 2007 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին ստեղծուած իրավիճակին հետ՝ Յովհաննէսեանի համաձայն, «այսօր կայ ինտրիկ. ոմանք յոյսները դրել են արտաքին ճնշումների վրայ: Մարդիկ կան, որ յոյսը դրել են ներիշխանական հակասութիւնների վրայ, այն լուրջ հակասութիւնների, որ ընթանում են ԲՀԿի (Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն) եւ ՀՀԿի (Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն) միջեւ: ՀՅԴն յոյսը դնում է ժողովրդի վրայ»:

«Ես չեմ ընդունում, որ Հայաստանի ներքին վիճակի բարելաւումը կապւում է արտաքին ճնշումների հետ, դա պէտք է լինի մեր հասարակութեան պահանջը, այլապէս կը դառնայ Ուքրանիա, որտեղ թւում էր, թէ յեղափոխութիւն կայացաւ, սակայն արդիւնքում տնտեսութիւնը կործանուեց, ու սկսուեց ռեաքցիա՝ երկիրը գցելով յաւելեալ ցնցումների մէջ»:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը անպատշաճ նկատած է այն, որ Հայաստանի մէջ դրական փոփոխութեան ակնկալութիւններուն համար յոյսեր կը կապուին արտաքին աշխարհին։

«Հայաստանի ներքին վիճակի բարելաւումը, ընտրութիւնների որակի աճը, ընտրութիւնների աւելի թափանցիկ եւ արդար լինելը պէտք է դառնայ մեր հասարակութեան պահանջը»։

Յովհաննէսեան վստահ է, որ «դրսի ճնշումները երբեք ձրի չեն լինում, կարող է վճարուել մի գին, որի հետ մեր հասարակութիւնը համաձայն չէ»։

«Իսկ մենք յոյսը դրել ենք այն բանի վրայ, որ ժողովուրդը վերջապէս կը յոգնի թէ՛ արտասահմանեան ճնշումներից, եւ թէ՛ ներքին ներիշխանական ինտրիգներից ու իր ճակատագիրը կը վերցնի իր ձեռքը: Փոփոխութիւնների համար յոյսը պէտք է դնենք մեզ վրայ», ընդգծած է Վահան Յովհաննէսեան։

Ան դիտել տուած է, որ վերջերս խումբ մը քաղաքական գործիչներ, նոյնիսկ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ յոյս յայտնած են, որ արտաքին ճնշումներու աւելնալուն եւ Եւրոպական Միութենէն ակնկալուող շուրջ 1.5 միլիառ եուրոյի դրամաշնորհին շնորհիւ կրնայ ըլլալ, որ ընտրութիւնները չըլլան «այնքան խայտառակ, որքան նախորդ տարիներին»:

Սակայն Յովհաննէսեան նման կարելիութիւն քիչ հաւանական կը նկատէ. «Գուցէ այդ ճնշումների ներքոյ իշխանութիւնները ստիպուած ձեւական քայլեր անեն, սակայն արդիւնքը կասկածելի է»:

Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը հաւատք չունի իշխանութիւններուն այն հաւաստիացումներուն նկատմամբ, թէ Հայաստանի մէջ «աննախադէպ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ» տեղի պիտի ունենան: Ըստ Վ. Յովհաննէսեանի,  «ընտրութիւնների լաւ կամ վատ անցնելը մեծապէս կախուած է ժողովրդի տրամադրուածութիւնից, սակայն այն ցուցակները, որ ներկայացուել են իշխանական, նաեւ որոշ ընդդիմադիր կուսակցութիւնների (նկատի ունի ՀԱԿ) կողմից, ցաւօք, յոյսեր չեն թողնում»:

Նախորդ օրերուն Ազգային ժողովին մէջ կայացած զրոյցին ընթացքին Վ. Յովհաննէսեան յայտարարած էր, որ երբ ՀՀԿի ցանկերուն ի տես՝ կը մտածես, որ «սայլը, որը հաւատի պարագայում խոստանում են շարժել, լծուած է տեղից դժուար շարժուող նոյն քարերով»: Անդրադառնալով Յովհաննէսեանի այս յայտարարութեան՝ Ազգային ժողովի ՀՀԿի խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանն էլ արձագանգած էր. «Թող իրենց ցուցակի տարտը լացեն»:

Այս մասին «Երկիր»ի լրագրողին հարցումին պատասխանելով՝ Վ. Յովհաննէսեան յայտնած է. «ՀՅԴի տարտը ցուցակը չէ, երկրի ճակատագիրն է, որը մի օր կը դադարի կախուած լինել ՀՀԿի ցուցակում ներգրաւուած քաղաքացիներից, եւ այդ դէպքում նաեւ ՀՀԿականները լացելու տարտ չեն ունենայ»։

Դաշնակցութեան ընտրացանկին մասին խօսելով՝ ՀՅԴի գործիչը նշեց, որ «ՀՅԴի ցուցակն ի սկզբանէ կազմուել է այն սկզբունքով, որ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ ներգրաւուած չլինեն, բացառութեամբ իրեն, այն էլ՝ հասկանալի պատճառով: Մեր յոյսը մեզ վրայ է»։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement