Րաֆֆի Յովհաննէսեան Ետ Կը Վերցնէ Իր Թեկնածութիւնը

By Asbarez | Monday, 26 March 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան դիմումնագիր ներկայացուցած է թիւ 7 ընտրատարածքին ընտրական յանձնաժողովին (ԸԸՅ)՝ խնդրելով, որ զինք նկատի չառնեն ու չարձանագրեն իբրեւ խորհրդարանական թեկնածու։ Այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է թիւ 7 ընտրատարածքին ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Գեղամ Սարգսեան:

«Րաֆֆի Յովհաննէսեանը դիմել է որպէս քաղաքացի՝ իր թեկնածութիւնն առաջադրելու համար, դեռ նա թեկնածու չէր: Մինչ ԸԸՅն նրա թեկնածութիւնը քննարկելը եւ որպէս թեկնածու գրանցելը, նա դիմում է ներկայացրել, որ իր թեկնածութեան հարցը չքննարկենք, այսինքն՝ ինքը էլ չի դառնայ թեկնածու», ըսած է Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ թեկնածուները պաշտօնապէս արձանագրելու ատեն կ՛ընթերցուի նաեւ անոր դիմումը, որ, այս պարագային, հիմք պիտի ծառայէ Ր. Յովհաննէսեանի թեկնածութիւնը չեղեալ նկատելու։ Ան աւելցուց, որ յանձնաժողովը թեկնածուներուն անուններու արձանագրութիւնը պիտի ամբողջացնէ մինչեւ 1 Ապրիլ։

Յիշեցնենք, որ 22 Մարտին՝ թեկնածութիւններ առաջադրելու վերջին օրը, թիւ 7 ընտրատարածքին մէջ իրենց թեկնածութիւնները առաջադրեցին «Հայկական ժամանակ» թերթի խմբագիր, ՀԱԿի անդամ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանը։ Անկէ ետք Փաշինեան յայտարարած էր, որ անակնկալի եկած էր լսելով, որ Ր. Յովհաննէսեանը եւս թեկնածութիւն առաջադրած է։ «ԸԸՅ եմ մտել մօտաւորապէս 16.50ին, այնտեղից դուրս եմ եկել 17։00ն անց ինչ-որ բան, ու այդ պահի դրութեամբ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը առաջադրուած չէր», յայտնած է ան։ Այնուհետեւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է այն երեւոյթին, թէ ինք տեղեակ չէր Փաշինեանի թեկնածութենէն։ Ան նաեւ առաջարկած էր իւրաքանչիւր ընտրատարածքի մէջ ունենալ մէկ ընդդիմադիր թեկնածու։  Թէեւ այդ առաջարկը մերժուած է ՀԱԿի կողմէ, բայց եւ այնպէս, Ր. Յովհաննէսեան իր թեկնածութիւնը յետս կոչած է։

comments