Ըստ Պրայզայի՝ Ատրպէյճան Եւ Հայաստան Արցախի Գծով Համաձայնելու Պատրաստ Չեն

By Asbarez | Wednesday, 28 March 2012

ԹԻՖԼԻՍ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա Չորեքշաբթի, Մարտ 28ին յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի հարցով համաձայնելու պատրաստ չեն:

«Հարկաւոր է չորսէն վեց կարեւոր կէտերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, տագնապին լուծում մը գտնելու համար: Երկու երկիրներուն նախագահները պէտք է ստանձնեն տագնապին լուծում մը գտնելու աշխատանքին պատասխանատուութիւնը եւ վստահին իրարու: Սակայն, նման վստահութիւն շնորհելը վտանգաւոր է երկու նախագահներուն համար, որովհետեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդները պատրաստ չեն տագնապին լուծում մը գտնելու համար որոշում տալու», ըսած է ան:

comments