By Asbarez | Thursday, 18 March 2010

ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ՝ Մարտ 17ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, ՀՅԴ պատգամաւոր Հրայր Կարապետեանը, անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի Լոնտոնի մէջ ունեցած արտայայտութիւններուն՝ պահանջած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանէն, որ իր գնահատականը տայ անոնց ուղղութեամբ:
<<Թուրքական իշխանութիւնն այսօր խօսում է ոչ միայն նախապայմանների, այլեւ սպառնալիքների լեզուով>>, յայտնած է Կարապետեան՝ աւելցնելով, որ <<Այս յայտարարութիւնն ուղիղ կապ ունի նախորդ դարում կատարուած ոճիրին հետ>>:
<<Նման քաղաքական յայտարարութիւնները չեն նպաստում երկու պետութիւնների միջեւ յարաբերութիւնների բարելաւմանը, եւ համաձայն եմ այն գնահատականին հետ, որ մեր յիշողութեան մէջ միանգամից արթնանում են 1915 թուականի դէպքերը, երբ Թուրքիայի վարչապետն իրեն նորից թոյլ է տալիս նման արտայայտութիւններ>>, եղած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի պատասխանը:
Ըստ վարչապետին, այս ծիրէն ներս առաւել այժմէական կը դառնայ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող քաղաքականութիւնը, եւ <<խնդրի արմատական լուծումը լինելու է այն դէպքում, երբ Թուրքիան ինքը ճանաչի Ցեղասպանութիւնը>>: Իսկ Թուրքիոյ մէջ ապրող 100 հազարաւոր հայերու խնդրի լուծման լաւագոյն ձեւը, ըստ Տիգրան Սարգսեանի, երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելն է՝ առանց նախապայմաններու:
Ըստ Տ. Սարգսեանի, Էրտողանի ակնարկած 100 հազար հայաստանցիներուն թիւն ալ <<մի քանի անգամով գերազանցում է>> Հայաստանի ունեցած թիւերը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ