ՀՅԴ Հայ Դատի Խորհրդաժողովի Պաշտօնական Բացում Երեւանի Մէջ

By Asbarez | Friday, 30 March 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Արմէնփրէս».- 30 Մարտին, ժամը 11ին, Երեւանի «Անի Փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու չորրորդ խորհրդաժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 25 յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու 60 ներկայացուցիչներ՝ Արժանթինէն, Պրազիլէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Լիբանանէն, Կիպրոսէն, Գանատայէն, Հայաստանէն, Արցախէն, Եգիպտոսէն, Աւստրալիայէն, Իրանէն, Ռուսիայէն, Ուրուկուէյէն, Սուրիայէն, Վրաստանէն, Քուէյթէն, Ֆրանսայէն, Երուսաղէմէն։

Խորհրդաժողովին նպատակն է քննարկել Հայ Դատի աշխատանքներուն ընթացքը՝ 2010ին կայացած Հայ Դատի նախորդ խորհրդաժողովէն մինչեւ օրս, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայ Դատի ռազմավարութեան հիման վրայ մշակել յառաջիկայ երկամեակի աշխատանքային ծրագիրները:

Խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ են հետեւեալ հիմնական հարցերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ պահանջատիրական պայքարի նպատակով ի գործ դրուած աշխատանքներ, հայ-թրքական յարաբերութիւններ, Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ պայքար, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնն ու մարտահրաւէրները, æաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր կատարուած նախաձեռնութիւններ։

Բացման պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ Հայաստանի հասարակութեան մօտ միշտ հարցում մը կ՛առաջադրուի, որ Հայ Դատի պայքարը այսօր արդիակա՞ն է, եւ կարելի՞ է արդիւնքներ ապահովել։ «Այսօր ավելի ակտուալ հարց չկայ, քան Հայ Դատի պայքարն է: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար պայքարի գործընթացը շարունակւում է նաեւ այսօր, եւ դա սկսել են հասկանալ նաեւ օտարերկրացիները», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար չպայքարիլ կը նշանակէ մահանալ, որովհետեւ գոյատեւման միակ ձեւը պայքարն է։

«Ցեղասպանութեան դէմ չպայքարել նշանակում է մահանալ, քանզի ցանկացած կենդանի օրկանիզմի համար գոյատեւման ձեւը պայքարն է, եւ մեր պայքարը հէնց այս ուղղութեամբ է գնում: Դա չի նշանակում, որ Հայաստանում առկայ անարդարութեան դէմ պէտք չէ պայքարել, որ Հայաստանում պիտի չհաստատուեն ժողովրդավարական կարգեր, բայց մենք պէտք չէ մոռանանք, որ Հայաստանի բոլոր փրոպլեմների հիմնական ֆոնը, ի վերջոյ, հետեւանք է Ցեղասպանութեան: Եւ ուրեմն՝ համարել, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարը, Արցախի ճանաչման համար պայքարն այնքան էլ ակտուալ չեն եւ պէտք է կենտրոնանալ միայն լոքալ, գաւառական մակարդակի իջեցուած տեղական խնդիրների վրայ, արդիւնք չի բերի», հաստատեց ան։

Խօսելով Հայաստանի բարձր մակարդակներու վրայ տարուելիք աշխատանքներուն անհրաժեշտութեան մասին՝ Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Հայաստանի խորհրդարանը ունի տասնեակի հասնող պատուիրակութիւններ, որոնցմէ ամէնէն կարեւորներն են՝ ԵԽԽՎի, ԵԱՀԿի, ՆԱԹՕի, «Եւրանես»չի եւ այլ կառոյցներու մէջ գործող հայկական պատուիրակութիւնները, սակայն «մեր խորհրդարանական կազմը, մեղմ ասած, պատրաստ չէ դիւանագիտական աշխատանքների»։

«Միջազգային կառոյցների խորհրդարանական վեհաժողովները, կազմակերպութիւնները որպէս այդպիսին բաղկացած են մարդկանից, որոնք այս կամ այն թեմային լաւ չեն տիրապետում, ինչը հասկանալի է, քանի որ նրանք պատգամաւորներ են: Շատ յաճախ նրանք յայտնւում է ինչ-որ ուժային կենտրոններից եկող թելադրանքի կամ կեղծ ներշնչած գաղափարների թելադրանքների տակ, կամ էլ, որը շատ յաճախ հանդիպում է, նաեւ թուրք-ատրպեճանական լոպպիստական կազմակերպութիւնների ազդեցութեան տակ», ըսաւ Յովհաննիսեան։

Անոր համաձայն, թէեւ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը շատերուն համար անկարեւոր կը թուի, բայց եւ այնպէս կան այնպիսի օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ընդունուող բանաձեւերը կրնան վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ, նոյնիսկ եթէ ոմանք զանոնք անկարեւոր նկատեն։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը առաջարկեց ամուր կերպով կառչիլ եւ մեծ կարեւորութիւն տալ խորհրդարանական դիւանագիտութեան։ Ան միջազգային կառոյցներուն մէջ ծաւալած աշխատանքի ծիրին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, տնտեսական ներդրումներուն, ինչպէս նաեւ՝ Ղարաբաղի ճանաչման հարցին։

Հայ Դատի խորհրդաժողովին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ կոչ ուղղեց մեր բարձրացուցած հայկական հարցերուն համար ճակատաբաց պայքար մղելէ չվախնալու, ըլլան անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախին կամ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող։

Խօսելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն մասին՝ ան նշեց, որ այսօր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն անքակտելի է ո՛չ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պարագան, այլ նաեւ՝ հատուցման խնդիրը։

«Հայ Դատի գաղափարախօսութիւնն ապահովում է թէ՛  նախաձեռնողականութիւն, թէ՛ անխոցելիութիւն: Նախաձեռնողականութիւնն այն է, որ Հայ Դատի գաղափարախօսութեան հիմքում ընկած է պահանջատիրութիւնը, իսկ պահանջատիրութիւնը մեր ոտնահարուած իրաւունքների վերականգման արդիւնքն է: Սա պէտք է լինի մեր օրակարգում եւ դրանից պէտք չէ վախենալ, որովհետեւ Հայ Դատի մեր պայքարը ցոյց տուեց, որ մեր գաղափարախօսութիւնն անխոցելի է, քանզի մեր պահանջներն արդար են եւ լիովին տեղաւորւում են միջազգային նորմերի մէջ. մենք չենք պահանջում աւելին, քան դրա իրաւունքը ունենք», նշեց Ա. Ռուստամեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement