By Asbarez | Monday, 02 April 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի իր պաշտօնակիցին՝ Էդուարդ Նալբանդեանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը հակամարտութեան 20 տարիներուն ընթացքին ամենայն ազնուութեամբ կատարած է ու կը շարունակէ կատարել իր առաքելութիւնը՝ առանց հեռանալու Հելսինկեան սկզբունքներէն, որոնք հիմնուած են ԵԱՀԿ փաստաթուղթերու եւ ՄԱԿի կանոնակարգին վրայ։
Ան դիտել տուած է, որ այդ սկզբունքներով բացառուած է ուժի օգտագործումը, հիմնական է յարգել տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը։
Ատրպեճանական կողմին մասին խօսելով եւ ակնարկելով միջնորդներուն կողմէ բացասական գնահատականներուն՝ Լաւրով նշած է. «Մենք կը լսենք տարբեր տեսակի արտայայտութիւններ, որոնք երբեմն կը կատարուին զգացական, երբեմն ոչ պաշտօնական պայմաններու մէջ, բայց կ՛առաջնորդուինք պաշտօնական դիրքորոշումներով։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնական դիրքորոշումները տեղ գտած են երկու պետութիւններու ղեկավարներուն եւ երեք համանախագահներուն համատեղ յայտարարութեան մէջ, որ նաեւ արժանացած է Դեկտեմբեր 2010ին գումարուած ԵԱՀԿի գագաթաժողովի հաւանութեան։ Այդ յայտարարութեան մէջ յստակօրէն բարձր գնահատուած են նախագահներ Մետվետեւի, Սարգսեանի եւ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումներուն արդիւնքներն ու ջանքերը: Այդ մէկը արձանագրուած է թուղթի վրայ, ինչպէս նաեւ կ՛արտացոլայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի պաշտօնական դիրքորոշումներուն ընդմէջէն»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին այս մասին խօսելով՝ դիտել տուած է, վերջին շրջանին Ատրպէյճան մերժած է համանախագահներու առնուազն չորս առաջարկ։
«Ատրպէյճանցիները սթաթիւս-քոյի փոփոխութիւնը պայմանաւորում են միայն մէկ հանգամանքով, այն է՝ Ղարաբաղի յարակից տարածքների վերադարձը: Այս հարցի շուրջ համանախագահները բազմաթիւ անգամ նշել են, որ հակամարտութեան կարգաւորման համար առաջարկուած բոլոր սկզբունքները եւ տարրերը մէկ ամբողջութիւն են եւ նրանցից ոչ մէկը չի կարող անջատուել միւսից», նշած է Նալբանդեան։
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի գծով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որդեգրած բանաձեւերու գծով ատրպեճանական մեկնաբանութեան՝ նախարար Նալբանդեան շեշտեց, որ անոնց հիմնական պահանջքը եղած է ռազմական գործողութիւններու դադարեցումն ու զինադադարի հաստատումը: «Իւրաքանչիւր բանաձեւից յետոյ Ատրպէյճանը ոչ միայն չէր պահպանում այդ պահանջը, այլ աւելի ինտենսիւ կերպով շարունակում էր ռազմական գործողութիւնները, եւ արդիւնքում «տեղական հայկական ուժերի կողմից» կրում էր պարտութիւն պարտութեան յետեւից: Սակայն Ատրպէյճան ստիպուած եղաւ հրադադար խնդրել Ղարաբաղից ո՛չ թէ Ապահովովութեան խորհուրդի բանաձեւերի շնորհիւ, այլ այն պատճառով, որ կրել էր ջախջախիչ պարտութիւն», նշած Էդուարդ Նալբանդեանը:
Ան յիշեցուց, որ այդ մասին իր գիրքին մէջ նշած է նաեւ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Կազիմիրովը, որուն ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է զինադադարի հաստատում կատարել։ «Եղել է մի ժամանակաշրջան, որն ուղղուած էր հրադադարին հասնելուն, սակայն այդ էջը շրջուել է եւ կողմերը սկսել են զբաղուել հակամարտութեան կարգաւորմամբ ու յղում չեն կատարում այդ բանաձեւերին, քանի որ դրանք հիմնականում վերաբերում էին հրադադարի հաստատմանը, այլ ոչ թէ հակամարտութեան կարգաւորմանը», ըսած է նախարարը:
Նալբանդեան յայտնեց, որ ներկայ դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կ՛ընթանայ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն միջնորդութեամբ։ «Վերջին տարիների ընթացքում Ռուսաստանի նախագահի կողմից հսկայական ջանքեր են ներդրուել՝ կողմերի դիրքորոշումները մօտեցնելու համար, եւ, ի հարկէ, այս բանակցութիւնների ընթացքում մենք որոշակի յառաջընթաց ենք արձանագրել, ինչը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներն արձանագրել են Սոչիում ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մէջ՝ ցանկութիւն յայտնելով նոյն ձեւաչափում շարունակել բանակցութիւնները տարածաշրջանում խաղաղութեան հասնելու նպատակով», ընդգծած է Էդուարդ Նալբանդեան:
Նախարարները նաեւ անդրադարձած են Իրանի հիւլէական ծրագիրի հարցին գծով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դիրքորոշումներուն, որոնք նոյնն են։ Նախարար Նալբանդեան յայտարարած է, որ Հայաստանը բազմիցս նշած է, որ կողմ է Իրանի հիւլէական հարցի խաղաղ բանակցային ուղիով կարգաւորման. «Իրանը մեր հարեւան երկիրն է եւ մենք շահագրգռուած ենք, որ ուժի կիրառում չլինի», շեշտած է ան:
Սերկէյ Լաւրով իր հերթին յայտնած է, որ եթէ յոռեգոյնը տեղի ունենայ եւ օգտագործուի ռազմական միջոցը, այն ատեն թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ատրպէյճան վտանգի մէջ կը գտնուին՝ նկատի առնելով, որ Իրանի մէջ բնակող ատրպէյճանցիներուն թիւը շատ աւելի մեծ է, նոյնիսկ Ատրպէյճանի մէջ եղողներէն։ Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին, ուժի օգտագործման պարագային կը նախատեսուի գաղթականներու մեծ հոսք, յատկապէս դէպի Ռուսիա, որովհետեւ հոն արդէն կայ ատրպեճանական սփիւռք։
«Կը վտանգուի տարածաշրջանային անվտանգութիւնը, նաեւ՝ արաբական աշխարհին: Մենք կը լսենք յայտարարութիւններ այն մասին, թէ իրանական հարցին մէջ բոլոր կարելիութիւնները սեղանի վրայ դրուած են եւ ոչ մէկը բացառուած է, ես կ՛ուզեմ յստակացում կատարել այս մասին. կարելիութիւնները կրնան ըլլալ միայն օրինական՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի վրայ: Միջազգային իրաւունքը կ՛արգիլէ ռազմական ուժի օգտագործումը, բացի այն պարագայէն, երբ մէկու մը վրայ զինուորական յարձակում կատարուած է։ Կանխարգելիչ ուժի կիրառումը միջազգային իրաւունքով արգիլուած է», շեշտած է Լաւրովը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ