6 Մայիսի Ընտրութիւններուն Հին Քուէատուփերը Պիտի Օգտագործուին

By Asbarez | Tuesday, 03 April 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, 6 Մայիսին Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար նոր քուէատուփեր պիտի չբերուին, այլ պիտի օգտագործուին նախորդ ընտրութիւններուն համար ձեռք բերուած քուէատուփերը, որոնց քանակին համապատասխան կեդրոններ պիտի ճշդուին բոլոր ընտրատարածքներուն մէջ։ Քուէաթերթիկներուն ձեւերն ու շարադրանքը ճշդած է յանձնաժողովը, իսկ տպագրութիւնը տեղի ունեցած է, ինչպէս աւանդութիւն է, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչատան մէջ:

Քուէաթերթիկները պիտի տպագրուին քուէարկութեան օրուան նախորդող 3-10 օրուան ընթացքին, այսինքն՝ 26 Ապրիլէն 3 Մայիսին։  Քուէաթերթիկներու տպագրման համար ընտրողներուն թիւին վերաբերեալ տեղեկութիւններ, համաձայն ընտրատարածքներուն եւ ընտրական տեղամասերուն, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին պիտի տրամադրուին քուէարկութեան օրէն 10 օր առաջ՝ 26 Ապրիլին:

comments

Advertisement