By Asbarez | Tuesday, 23 March 2010
ՊԱՔՈՒ.- Նորուզի տօնին առիթով, Մարտ 20ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ունեցած է ելոյթ մը, ուր յայտնած է, թէ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն հիմնական մասը աւարտած է, իսկ առաջարկներուն մեծ մասը կը համապատասխանէ Ատրպէյճանի շահերուն:
Ըստ Ալիեւի, իր կառավարութիւնը ամէն տարի պիտի աւելցնէ երկրի պաշտպանութեան, բանակի հզօրացման եւ նոր զինատեսակներու ձեռքբերման ուղղուած ծախսերը, որպէսզի որեւէ պահու պատրաստ ըլլայ գործադրելու գլխաւոր հրամանատարին հրամանը: <<Անիկա մեր ինքնիշխան իրաւունքն է, այս հարցին մէջ մեզի խորհրդատուներ պէտք չեն>>, ըսած է ան, որուն խօսքերով, Ատրպէյճանի առջեւ ծառացած ամենաբարդ խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումն է: Այդ առումով ձեռնարկուած են որոշ քայլերու, որոնց շնորհիւ, ըստ Ալիեւի, այսօր բանակցային գործընթացին մէջ իր երկրին դիրքերը աւելի հզօր են:
Անոր հաւաստումով, այսօր Ատրպէյճանը տարածաշրջանին մէջ տնտեսապէս ամենաուժեղ երկիրն է, որուն զարգացումը անհամեմատելի է այլ պետութիւններու տնտեսական զարգացման հետ։
<<Մենք առայժմ յոյսը կը կապենք բանակցութիւններու հետ եւ պէտք է շարունակենք գործադրել ջանքեր: Կարելի է ըսել, որ բանակցութիւններուն հիմնական մասը աւարտած է, որոշ հանգամանքներու բացառութեամբ՝ (Մինսկի խումբի միջնորդներու) առաջարկները յատկապէս կը համապատասխանեն Ատրպէյճանի շահերուն, կ՛երաշխաւորեն տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գրաւեալ բոլոր տարածքներուն վերադարձը Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ>>, ըսած է Իլհամ Ալիեւ՝ հաւաստելով, որ <<Եթէ հակառակ կողմը հանդէս բերէ կառուցողական մօտեցում եւ ընդունի առաջարկուած տարբերակը, ապա հնարաւոր պիտի ըլլայ արագացնել խնդիրի կարգաւորման ընթացքը>>:
<<Լեռնային Ղարաբաղին՝ Ատրպէյճանի կազմէն դուրս կարգավիճակ տրամադրելու գաղափարը անընդունելի է>>, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը՝ աւելցնելով, թէ իր երկիրը ուրիշներու ներքին գործերուն չի միջամտեր ու կը պահանջէ, որ օտարները նոյնպէս չմիջամտեն իր ներքին գործերուն, <<այլապէս անհարկի կը սրեն յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ>>, եզրափակած է ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ