Լեւոն Տէր Պետրոսեան Հանդիպում Ունեցած Է ԱՄՆի Դեսպանին Հետ

By Asbarez | Wednesday, 04 April 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան 3 Ապրիլին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆֆըրնի հետ։

ՀԱԿի լրատուական ծառայութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են յառաջիկայ ընտրութիւններու օրինական ընթացքին առնչուող հարցեր։

Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն, ընկերային-տնտեսական իրավիճակին առնչուող հարցեր:

Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայ Ազգային կոնգրէսի Կեդրոնական գրասենեակի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան:

comments