ԱՄՆի Դեսպանը Կը Հաւատայ Հայաստանի Մէջ Արդար Ընտրութիւններու Կայացման

By Asbarez | Wednesday, 04 April 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմենիա».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆֆըրն նշած է, որ ինք կը հաւատայ, թէ 6 Մայիսին Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրութիւնները արդար պիտի ըլլան։

«Մենք կ՛ողջունենք ազնիւ ընտրութիւններ կայացնելու հայկական ղեկավարութեան մտադրութիւնը: Եւ նկատի առնելով, որ այդ հաւաստիացումները կը կատարուին բարձրագոյն մակարդակներով, մենք կը կարծենք, որ անոնք անպայման նշանակութիւն ունին եւ պիտի իրագործուին», 29 Մարտին յայտնած է դեսպանը՝ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակի եւ USAID հայկական ներկայացուցչութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութեան ընթացքին։

Հեֆֆըրն յիշեցուց, որ Հայաստանի նախագահը եւ վարչապետը իրենց պատասխանատուութիւնը նկատած են ազնիւ եւ արդար ընտրութիւններու կայացման պարտաւորութիւնը։

Ան նաեւ ընդգծեց, որ հարցը ո՛չ միայն Հայաստանի ղեկավարութեան կը վերաբերի, այլ նաեւ՝ ընդդիմադիրներուն, քաղաքացիական հասարակութեան եւ զանգուածային լրատուամիջոցներուն։ Ըստ դեսպանին, այս գծով արդէն իսկ աշխատանքի պէտք է լծուիլ։

Դեսպանին համաձայն, ամերիկեան կողմը կը ձգտի առանցքային գործընկերներ գտնել կառավարութեան, բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներուն մէջ, որպէսզի օժանդակէ անոնց՝ դերակատարութիւն ունենալու ազնիւ եւ արդար ընտրութիւններու կայացման մէջ։

comments

Advertisement