Երեւան Պիտի Գայ ԵԽԽՎ Պատուիրակութիւնը՝ Գնահատելու Ընտրարշաւին Իրավիճակը

By Asbarez | Thursday, 05 April 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 11-12 Ապրիլին Երեւան պիտի այցելէ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը՝ գնահատելու նախընտրական արշաւին իրավիճակը:

Պատուիրակութեան կազմին մէջ են ԵԽԽՎի երեք անդամներ, որոնք հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, խորհրդարանի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, նաեւ՝ ընտրութիւններին մասնակցող քաղաքական կուսակցութիւններու առաջնորդներուն հետ:

Պատուիրակութիւնը պիտի տեսակցի նաեւ ԵԽԽՎի մօտ հայաստանեան պատուիրակութեան, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանի, դիւանագէտներու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ներկայացուցիչներ Բրիտանիայէն եւ Լեհաստանէն:

Իրենց այցելութեան աւարտին, անոնք համապատասխան նախնական գնահատականներ պիտի ներկայացնեն։

comments

Advertisement