* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Հայաստանի Ճանապարհներուն Համար Կը Տրամադրուի 35-40 Միլիոն Տոլար

Saturday, 27 March 2010     |    |   

Source: Armen Press
Tags: armenian transport, armenia

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Մանուկ Վարդանեան Մարտ 23ին ընդունած է Համաշխարհային դրամատան (ՀԴ) հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Արիստոմոնէ Վարուտաքիս, Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրութեան ծրագիրներու պատասխանատու Օլիվըր Լը Փեր եւ դրամատան այլ ներկայացուցիչներ:

Նախարարի մամլոյ քարտուղար Սուսաննա Տօնոյեանի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին նախարարը նշած է, թէ ՀԴ կողմէ իրականացուող <<Կենսական նշանակութեան ճանապարհներու բարելաւման>> ծրագիրը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի զարգացման եւ բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման առումով: Մ. Վարդանեան կարեւոր համարած է նաեւ ճանապարհներու շինարարութեան ոլորտին մէջ ՀԴ եւ Ասիական զարգացման դրամատան կողմէ իրականացուող համատեղ աշխատանքը: Իրականացուող ծրագիրները, ըստ նախարարին, պէտք է զիրար ամբողջացնեն, որպէսզի կատարուած աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ։

Իր կարգին, Ա. Վարուտաքիս մանրամասն ներկայացուցած է ՀԴ կողմէ իրականացուող ճանապարհներու շինարարական ծրագիրներուն ընթացքը՝ մասնաւորապէս նշելով, թէ անցեալ տարի սկսած <<Կենսական նշանակութեան ճանապարհներու բարելաւման>> ծրագիրը այս տարի պիտի աւարտի, իսկ անոր ընդհանուր ծախսը կը կազմէ 61.6 միլիոն տոլար։ Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ այդ ծրագիրով կը նախատեսուի վերանորոգել ընդհանուր առմամբ 240 քլմ. ճանապարհային հատուած՝ Հայաստանի շարք մը համայնքներու մէջ:

ՀԴ ներկայացուցիչին գնահատումով, ծրագիրը բաւական արդիւնաւէտ է, քանի որ անիկա գիւղական համայնքի ճանապարհը կը կապէ յարակից գլխաւոր մայրուղիներուն հետ, ինչպէս նաեւ համայնքներու բնակչութեան համար կը ստեղծէ աշխատատեղեր:

Ա. Վարուտաքիս նաեւ անդրադարձած է յառաջիկային դրամատան կողմէ նախատեսուող ճանապարհներու շինարարական նոր ծրագիրներու իրականացման, նշելով, որ ՀԴ կը նախատեսէ մինչեւ տարեվերջ տրամադրել շուրջ 35-40 միլիոն տոլարի վարկ՝ <<Հազարամեակի մարտահրաւէրներ>> հիմնադրամին կողմէ միջպետական ճանապարհի խաչմերուկէն մինչեւ Հալիձոր գիւղ տանող հատուածի կառուցման եւ վերանորոգման համար:

Հանդիպման աւարտին, Ա. Վարուտաքիս նախարար Մ. Վարդանեանը հրաւիրած է Թիֆլիս, ուր Մայիս 12ին, Համաշխարհային դրամատան կազմակերպութեամբ պիտի կայանայ փոխադրութեան ոլորտին նուիրուած միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն խորհրդաժողովը, եւ որուն պիտի մասնակցին Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխադրութեան նախարարներուն գլխաւորած պատուիրակութիւնները:

 

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement