Ըստ Դեմոյեանի՝ Այլ Երկիրներ Եւս պիտի Ճանչնան Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Saturday, 27 March 2010

ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 25ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան յայտնած է, թէ մինչեւ Ապրիլ 24 նոր երկիրներ եւս պիտի ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ կապուած է նաեւ հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման հարցով՝ Թուրքիոյ դիրքորոշումէն:

Ըստ Դեմոյեանի, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման քննարկման առարկայ կը դառնայ եւ կը ճանչցուի երկրի մը կողմէ, նախ եւ առաջ այդ ճանաչումը պէտք է բխի այդ երկրի պատմութեան եւ յիշողութեան հրամայականէն: <<Հայոց Ցեղասպանութեան թեման բազմաթիւ երկրների պատմութեան ու յիշողութեան մասն է կազմում>>, ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ ամերիկացիներ, շուէտցիներ կամ ֆրանսացիներ ականատես եղած են այդ դէպքերուն, իսկ կարգ մը շուէտցի կին միսիոներներ՝ ականատես ըլլալով այդ կոտորածներուն՝ նոյնիսկ խելագարուած են:

Թանգարանի տնօրէնը նաեւ յայտնած է, թէ տարբեր երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը արդիւնք է նշեալ երկրի քաղաքական դրդապատճառներու եւ ո՛չ թէ հայերու ցանկութեան կամ հայկական լոպպինկի տարած գործունէութեան:

<<Գոյութիւն ունի համաշխարհային քաղաքականութիւն, որտեղ, ցաւօք սրտի, ոչ միայն մեր հարցը, այլ բազմաթիւ հարցեր դառնում են կոնկրետ խնդիրներ լուծելու միջոց: Ես համոզուած եմ, որ Ցեղասպանութեան ձեւակերպումը չպէտք է դառնայ քաղաքական մանիպուլիացիաների առարկայ>>, ըսած է պատմաբան բանախօսը։

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին ընդառաջ, Գիտութեանց ազգային ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի, պատմութեան եւ արեւելագիտութեան հիմնարկներու, ինչպէս նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայկական յուշարձանները ուսումնասիրող կազմակերպութեան համագործակցութեամբ, Ապրիլ 19-20 Երեւանի մէջ կը նախատեսուի միջազգային գիտաժողովի մը իրականացումը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, մասնաւորապէս՝ մշակութային ցեղասպանութեան հիմնախնդիրներուն:

Գիտաժողովին նպատակն է յստակ գնահատականներ տալ Օսմանեան կայսրութենէն ներս իրականացուած եւ ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ շարունակուող հայկական մշակութային ժառանգութեան համատարած ոչնչացման քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ անոր գաղափարական, քաղաքական ու մշակութաբանական հիմնաւորումներուն եւ հետեւանքներուն:

Գիտաժողովին պիտի մասնակցին մասնագէտներ Հայաստանէն, ԱՄՆէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Հունգարիայէն, Գերմանիայէն եւ Հոլանտայէն:
Ապրիլ 23ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ պիտի բացուի <<Հայոց Ցեղասպանութիւնը մամուլի առաջին էջերին>> խորագրով ցուցահանդէս մը, ուր պիտի ներկայացուին թանգարանին կողմէ ձեռք բերուած օտար լեզուով բացառիկ, հնատիպ ու ժամանակակից պարբերականներ, որոնց առաջին էջերուն վրայ անդրադարձ եղած է Ցեղասպանութեան թեմային:

Թանգարանի այլ ցուցասրահներէն մէկուն մէջ պիտի ներկայացուին արժէքաւոր փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ այլ վաւերագիրներ:

Նշենք, որ այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը ծրագրած է սահմանել Ռաֆայէլ Լեմքինի անունով կրթաթոշակ, որուն շնորհիւ արտասահմանեան ուսանողներու հնարաւորութիւն պիտի տրուի մէկ ամիս Հայաստանի գիտական հաստատութիւններ եւ գրադարաններ այցելելով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեամբ մասնագիտանալու:

Նոյն ծիրէն ներս, թանգարան-հիմնարկը նաեւ պիտի հրատարակէ շուրջ արժէքաւոր տասը մենագրութիւններ՝ հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:

comments