Չորս Քաղաքական Ուժեր Կը Քննարկեն Ընտրութիւններու Վերահսկող Միասնական Մարմինի Հարցը

By Asbarez | Tuesday, 10 April 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիւոզ».- 4 Ապրիլին Հայ ազգային կոնգրեսը (ՀԱԿ), Բարգաւաճ Հայաստան, ՀՅԴ եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնները համաձայնագիր  ստորագրեցին ընտրութիւններու վերահսկման միասնական հանրային ղեկավարման մարմինի ստեղծման առնչութեամբ։ Այս չորս կուսակցութիւնները համաձայնեցան, որ 11 Ապրիլին անգամ մը եւս պիտի հանդիպին, որպէսզի քննարկեն այս մարմինի կառուցուածքն ու գործունէութեան ուղղութիւնները։

Յիշեցնենք, որ կուսակցութիւններուն կողմէ այս փաստաթուղթը ստորագրած էին ՀԱԿ համակարգող Լեւոն Զուրաբեան, ԲՀԿ ներկայացուցիչ Վարդան Օսկանեան, ՀՅԴ ԳՄի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Ռուբէն Յակոբեան։ Անոնք յայտարարած էին, որ այլ քաղաքական ուժեր եւս կրնան միանալ իրենց։

Միւս կողմէ, 5 Ապրիլին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի անդամ  Դաւիթ Յարութիւնեան ընտրութիւններուն մասնակցող ուժերուն առաջարկած է կանոններ մշակել՝ ընտրութիւններու պատշաճ կայացման եւ քաղաքակիրթ մրցակցութեան ապահովման համար։

comments