By Asbarez | Friday, 03 April 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազատամարտիկ, Պռոշեանի կամաւորական ջոկատի հիմնադիրներէն, նոյն գիւղի երկարամեայ ղեկավար, «Մարտական խաչ» շքանանշանակիր, ՀՅԴի անդամ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան եօթներորդ տարելիցին առիթով եւ սպանութեան հանգամանքներու բացայայտման ուղղութեամբ տարուող քննութեան ընթացքին եւ ընթացիկ արդիւնքներուն մասին տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Երկիր»ը հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի հետ, որ
դիտել տուաւ, թէ տարի մը առաջ, Գլխաւոր դատախազութեան շէնքին դիմաց կազմակերպուած էր բողոքի ցոյց մը` պահանջելով գործին վերաքննութիւնը, որովհետեւ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան գործին քննութիւնը կասեցուած էր, նաեւ հանդիպում ունեցած էին Գլխաւոր դատախազին հետ՝ ներկայացնելով իրենց պահանջները, որմէ ետք գործին քննութիւնը վերսկսաւ: Սաղաթելեան նկատել տուաւ, որ, հակառակ հետապնդումներուն, Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան ծալքերու բացայայտման վերաբերող տեղաշարժեր չկան տակաւին։
Ըստ անոր՝ պատկան մարմինները կը հաստատեն, որ այս գծով աշխատանք կը տարուի, բայց շօշափելի արդիւնքներ չկան։ «Այդ հաւաստիացումները, բնականաբար, մեզ այլեւս չեն բաւարարում. մեզ այլեւս հետարքրքում են կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) արդիւնքները, այն է` գործի արադարացի բացայայտումը: Մենք տարիներ շարունակ` ե՛ւ նախկինում, ե՛ւ հիմա, լսում ենք այդ հաւաստիացումները, որ ամէն ինչ արւում է ըստ պատշաճի, բայց փաստը մնում է փաստ, որ սպանութիւնից անցել է արդէն 7 տարի, բայց գործը բացայայտուած չէ: Եւ մենք խորապէս վրդովուած ենք այս իրավիճակից», նշեց ան։
Յառաջիկային առնուելիք քայլերուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ Իշխան Սաղաթելեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իրաւապահ մարմիններուն ուշադրութիւնը մնայուն կերպով պահել Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան գործի բացայայտման հարցին վրայ, որուն արդարացի հանգուցալուծումը պատուաբեր պիտի ըլլայ երկրին արդարադատութեան համար: «Այսպիսի ոճրագործութեան բացայայտումը ունի ե՛ւ իրաւական, ե՛ւ բարոյական նշանակութիւն: Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան գործի արդարացի բացայայտումը, յիրաւի, պէտք է լինի ոչ միայն Դաշնակցութեան խնդիրը, այլեւ իւրաքանչիւր հայի: Հրաչ Մուրադեանն իր զինակից ընկերների հետ մարտնչել է յանուն մեր բոլորիս հայրենիքի, յանուն իւրաքանչիւր հայի պատուի, ազատութեան եւ արժանապատիւ կեանքի համար», շեշտեց Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը։
comments
Israel’s government unanimously voted on Sunday to formally recognize the Armenian Genocide.
A Nation Betrayed, A Future to Reclaim: Why Unity is Our Only Path Forward at the 2026 Elections
Armenia Has Become Largest Buyer of Indian Weapons
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
OPED: The Beginning of a New Struggle
Already Scarce Bread to be Rationed in Artsakh Due to Blockade
Artsakh Political Factions Agree On New President
Pashinyan Warns International Community of New Azerbaijani Attacks Against Armenia, Artsakh
Artsakh Students, Kidnapped by Azerbaijan, Released into Armenian Custody