Կէս Դար Աննահանջ Երթ. ՀՅԴ Աւստրալիա

By Nora Sevagian - armenia.com.au | Friday, 09 January 2015



<<
Դեռ իր լինելիութեան մէջ է Դաշնակցութիւնը: Նա դեռ չի ասել իր վերջին խօսքը:
Ահա թէ ինչու եմ ասում օրհնի՛ր Ճակատագիրդ, որ հայ ես ծնուած, բայց
Որպէսզի օտար ափերի վրայ ՀԱՅ մնաս եղի՛ր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ...>>

Գարեգին Նժդեհ

Որքան հեռատես ու իրապաշտ պէտք էր ըլլար պետական և ռազմական, քաղաքագէտ-իմաստասէր  Գարեգին Նժդեհը, որ 1900 ական թուականներու սկիզբները ինքնավստահօրէն արտայայտած էր վերոյիշեալ միտքերը:

Աւստրալահայ գաղութը այսօր Նժդեհի պատգամը արդարացիօրէն կը բաժնէ ու անոր խորքը թաքնուած ճշմարտութեան գերագոյն փաստը կը հանդիսանայ, 50 տարիներ գոյատեւելով ոչ միայն որպէս գաղութ այլ որպէս ազգային գիտակցութիւն ունեցող հաւաքականութիւն:

2014ի ընթացքին աւստրալահայ գաղութը զանազան հայկական ձեռնարկներ կազմակերպեց սակայն  գեղարուեստական շքեղ երեկոյթով  եզրափակեց իր շրջանէն ներս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնները:

Կիրակի 30 Նոյեմբեր 2014-ին, Համազգային Գօլստըն ճեմարանի <<Նալպանտեան>> սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ ՀՅԴ Դրօ Առանձնակի կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴի հիմնադրութեան 50 ամեակի  յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր, նուիրուած շրջանէս ներս ՀՅԴի հիմնադրութեան 50 րդ տարեդարձին,  ներկայութեամբ գաղութիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպս. Նաճարեանին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեանին ինչպէս նաեւ հայրենիքէն յատկապէս հրաւիրուած ազգային եւ հայրենասիրական երգերու բացառիկ մեկնաբան արուեստագէտ Ներսիկ Իսպիրեանին: Ներկայ էին նաեւ Սիտնիի հայ համայնքի հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու, մամլոյ եւ տեղեկատուական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ կուսակցական ընկերներ , ընկերուհիներ եւ համակիրներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Օրհներգով սկիզբ առաւ օրուան հանդիսութիւնը, որմէ ետք օրուան բեմավար՝  Աւստրալիոյ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամ Օր. Նայիրի Քէլլէյեան բեմ հրաւիրեց 50 ամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբի անդամ ընկ. Կարօ Քէշիշեան, կատարելու բացման խօսքը:

Ընկ. Քէշիշեան նախ խնդրեց ներկաներէն որ մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտնկայս  յարգեն յիշատակը մեզմէ յաւէտ բաժնուած շրջանիս  ՀՅԴ ի հանգուցեալ  հիմնադիրներուն  եւ ընկերներուն ապա ան իր իւրայատուկ ոճով եւ հնչեղ ու տպաւորիչ առոգանութեամբ ըսաւ. << Այս հանդիսաւոր  պահուն սիրտս ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ լեցուած է: 124 տարիներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հանդիսացաւ հայ քաղաքական մտքի առանցքը: 124 տարիներ ՀՅԴ -ը արդարօրէն կոչուեցաւ հայրենակերտ կազմակերպութիւն: Այսօր ՀՅԴ-ը ֆիզիգապէս ներկայութիւն է մայր հայրենիքի եւ Արցախի մէջ: 50 ամեակի այս առիթով հոգեկան անհուն հպարտութեամբ կը լեցուին մեր սրտերը եւ բոլորս կը խոնարհինք  մտքի, զէնքի ու գաղափարի բոլոր այն ընկերներուն առաջ, որոնք կերտեցին ՀՅԴ-ի պատմութիւնը>>:

Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր , որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութիս տաղանդաշատ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ՝  Իզապէլ Մարգարեան մեներգով, Շուշան Սարեան եւ Մանուկ Կոտոյեան դաշնամուրի նուագակցութեամբ, Վարսիկ Մինասեան եւ Կարէն Պօմուշաքեան ջութակի նուագակցութեամբ, Գօլստըն ճեմարանի <<Նանոր>> երգչախումբը՝ խմբերգով եւ Համազգայինի Սիտնի Պարի Անսամպլը խմբային պարով:  Յայտագրի բոլոր բաժինները մեծ հիացմունքով ու հետաքրքրութեամբ ընկալուեցան հանդիսատեսներուն կողմէ, որոնք բարձր գնահատեցին կատարուած ելոյթներն ու շնորհալի մենակատարներուն ձիրքերն ու բեմական կարողութիւնները:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան խօսքը փոխանցեց ընկհ. Ցոլեր Ճըղըլեան: Ան իր խօսքին մէջ  շեշտեց թէ ՀՅԴ-ը այսօր Աւստրալիոյ մեր մայր ու հովանի կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ  համագործակցելով ուղեկից միութիւններու՝ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի հետ եւ միշտ հաւատալով միասնական աշխատանքի անհրաժեշտութեան,  ինչպէս նաեւ ան աչալուրջ կերպով կը հետեւի Հայ Դատի գրասենեակի աշխատանքներուն եւ ամէն գնով զօրաւիգ կը կանգնի անոր աշխատանքներուն ու քարոզչական պայքարին: Իր խօսքի աւարտին ընկհ. Ճըղըլեան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ իրենց զաւակները անդամագրեն ՀՅԴ-ի երիտասարդական միութեան շարքերուն, որպէսզի 50 տարիներ ետք ՀՅԴ կարենայ իր 100 ամեակը տօնակատարել Աւստրալիոյ շրջանէն ներս:

Աւստրալիոյ ՀՅԴ Դրօ Առանձնակի կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հայկ Գայսէրեան փոխանցեց կոմիտէի խօսքը:   Ընկ. Գայսէրեան իր խօսքը կեդրոնացուց հետեւեալ մտքերուն  շուրջ  <<Մեր ազգը, եւ ինչու չէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ունեցած է բազմաթիւ հերոսներ՝ մտաւորականներ, կղերականներ, ազատամարտիկներ: Այս հերոսները պայքարեցան երբեմն տարբեր միջավայրերու մէջ, երբեմն տարբեր զէնքերով, երբեմն տարբեր ժամանակամիջոցներու ընթացքին, սակայն միշտ ու միշտ պայքարեցան նոյն նպատակին համար՝ Պահել եւ պահպանել Հայ ազգը ընդմիշտ ճնշման դիմաց:>>

Անդրադառնալով Աւստրալիոյ ՀՅԴն հիմնող 12 ընկերներուն, Ընկ Գայսէրեան ըսաւ. <<Այս 12 ընկերները, բոլորը Միջին Արեւելքէն գաղթած, իրենց ընտանիքներուն համար աւելի լաւ կեանք ապահովելու ձգտումով, այն եզրակացութեան եկան որ ունէին աւելի առաջնահերթ պարտաւորութիւն նախ քան իրենց հանգիստը: Յիշեցին Անդրանիկի խօսքը՝ <<Ամէն օր գլուխդ բարձին դնելուց եւ քնանալուց առաջ, յիշէք այդ օրը ինչ էք արել ձեր ազգին համար>>: Այս 12ը արիւն թափելու կարիքը չունէին այս ազատ եւ հիւրընկալ երկրամասին վրայ: Բայց այսօր կը խոնարհինք իրենց առջեւ եւ զաանոն կը ճանչնանք իբր մեր գաղութի հերոսները:>>

Իր խօսքի աւարտին ընկեր Գայսէրեան ըսաւ <<Պէտք է վերանորոգենք մեր ուխտը նոր մարտահրաւէրներով: Պէտք չէ օգնենք ցեղասպան թուրքին ժառանգորդ կառավարութեան գնելով թրքական ապրանք: Նաեւ պէտք է բոլորս յարգենք մեր 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակը գործի չ'երթալով յաջորդ տարի Ապրիլ 24ին: Այդ օր պէտք է համախմբուիլ Թրքական հիւպատոսարանին առջեւ եւ վերահաստատել մեր  պահանջատիրութիւնը ստանալու համար եր արդար իրաւունքները:>>

Հանդիսութեան ընթացքին պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան շնորհաւորական խօսքը արտասանուած  Սփիւռքի նախարար Տիկ Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ: Տիկ Յակոբեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց ՀՅԴ-ը ընդհանրապէս, որ այսօր ազգային արժէք կը համարուի եւ կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 124րդ տարեդարձը :Ան  յատկապէս շնորհաւորեց Աւստրալիոյ շրջանէն ներս ՀՅԴի հիմնադրութեան 50 ամեակը եւ անոր կողքին գործող ուղեկից միութիւնները : Տիկ Յակոբեան բարձր գնահատեց հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ հայօրէն ապրելու եւ հայ մնալու համար տարուած անսակարկ ճիգերը մայր կուսակցութիւն ՀՅԴ-ի հովանիին ներքեւ:

Աւստրալիոյ շրջանէն ներս ՀՅԴ ի հիմնադրութեան պատմականը ներկայացնող սահիկներէ կազմուած յատուկ տեսանիւթ մը պատրաստուած էր, ուր հետաքրքրական պատկերներով, ինչպէս նաեւ  անցեալէն ու հիմնադիր անդամներէն քաղուած տեղեկութիւններով ու վկայութիւններով կը ցուցադրուէր 50 ական թուականներուն Աւստրալիա հաստատուած Միջին Արեւելքէն երիտասարդներու ազգային պատկանելիութեան ու հայօրէն ապրելու հրաբորբ մարմաջը ապա անոնց միասնակամ աշխատանքը շրջանէն ներս  հիմնելու ՀՅԴ-ը եւ աւելի ուշ անոր կողքին գործող ուղեկից կառոյցներն ու կրթական եւ մշակութային հաստատութիւնները: Տեսանիւթը յուզումի ու հպարտութեան խառն զգացումներով համապատեց  հանդիսականները :

Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ ՀՅԴ Դրօ Առանձնակի կոմիտէի հրաւէրով  շրջանս կ'այցելէր: Կարգ մը մէջբերումներ ընկեր Մկրտիչեանի խօսքերէն. << Աւստրալիոյ շրջանին համար Դաշնակցութեան օրը, անոր հիմնադրութեան 124րդ տարեդարձը կը համընկնի մեր կուսակցութեան այս ցամաքամասի վրայ հաստատման յիսնամեակին: Յիսուն տարիներ առաջ Աւստրալիա աստիճանաբար կը հասնէր յատկապէս Միջին Արեւելքէն, Պարսկաստանէն եւ Հնդկաստանէն Հայերու շոշափելի թիւ մը որ գրեթէ անմիջապէս ձեռնարկեց ինքզինք կազմակերպելու գործին: Հայկական անապատ նկատուող այս հողը, ժրաջան աշխատանքի շնորհիւ, ատենէ մը ի վեր արդէն յատուկ տեղ կը գրաւէ համահայկական իրականութեան մէջ:>>

<< Աւստրալիոյ Դաշնակցութեան անունը բնականաբար ներկայ է Աւստրալիոյ մէջ բայց նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ ամբողջ սփիւռքի տարածքին:>>

Անդրադառնալով Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ Դաշկացութեան ունեցած դերակատարութեան , ընկեր Մկրտիչեան ըսաւ <<Ճիշդ է որ դժուար է սովորական քաղաքական մտածելակերպ ունեցողին համար հասկնալ Դաշնակցութեան վարած քաղաքականութիւնը: Ընթացիկ մտածելակերպը կ'ըսէ թէ իշխանութեան մէջ գտնուող կուսակցութիւնը առանց պայմանի կը կատարէ իշխանութեան քաղաքական դրական քարոզչութիւնը իսկ ընդդիմութեան մէջ գտնուող կուսակցութիւնը պարտադրաբար կը քննադատէ իշխանութեան առած բոլոր քայլերը: Այս մէկը առանց բացառութեան տեղի կ'ունենայ աշխարհի երեսին գոյութիւն ունեցող բոլոր պետութիւններէն ներս: Այս ձեւով կը գործեն բոլոր կուսակցութիւնները ինչ ալ ըլլայ անոնց գունաւորումը: Այդպէս չէ եղած ու չէ սակայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը որ ամէն քայլափոխին պարտաւոր կը զգայ իր ընելիքը հաշտեցնել իր ծրագրային նախդրեալներուն հետ, որոնք իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն կուսակցութեան ընդհանուր ժողովներու որոշումներու ընդմէջէն: Մեր օրերուն Դաշնակցութիւնը կը մեղադրուի ընդդիմութեան մէջ ըլլալով մէկտեղ իշխանութեան հետ լաւ յարաբերութիւններ պահելու յանցանքով: Անմիջապէս աւելցնենք որ իր ատենին երբ մեր կուսակցութիւնը կառավարութեան կ'անդամակցէր, ան կառավարական դաշինքի իր գործընկերներու կողմէ կ'ամբաստանուէր կառավարութիւնը հրպարակային կերպով  քննադատելու մեղքով: Ասիկա ցոյց կու տայ որ իբրեւ պետութեան մէջ գործող քաղաքական կազմակերպութիւն Դաշնակցութիւնը ունի յատուկ նկարագիր, որ խորքին մէջ կու գայ իր յեղափոխական ազատագրական պայքար մղող կազմակերպութեան ուժական գործունէութեան ժամանակաշրջանէն>>:

<<Ամփոփելով, Դաշնակցութիւնը կ'ընէ այն ինչ որ կը նպաստէ հայրենիքի եւ ժողովուրդի ապահովութեան եւ անոնց բարգաւաճման: Ան նոյն սկզբունքներով կ'աշխատի Հայ Դատի ծիրեն ներս, ազգային իր գործունէութեան բոլոր մարզերէն ներս յաճախ իր անդամներու կողմէ իսկ անհասկնալի զիջումներ կատարելով ինքզինքին վնաս հասցնելու գինով: Այս մէկը կը թելադրուի իր էութենէն եւ փաստացի պատմութենէն>>:

Ընկեր Մկրիչեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով՝ <<Այս հեռաւոր ցամաքամասի վրայ Հայկական զանգուածը իր առօրեայ մտահոգութիւններու կողքին իր կեանքը կապելով հանդերձ հոյակապ այս երկրին, այսուհանդերձ իր հոգեկան հայկական բաւարարութիւնը պիտի ստանայ գերմարդկային ճիգով ապահովելով նաեւ համահայկական դժուար խնդիրներու լուծումը ,միաժամանակ պահելով ու զարգացնելով իր մօտ գտնուող եւ իրեն ծառայող ազգային կառոյցները ,մանաւանդ սերունդներու հայկականութիւնը երաշխաւորող իր կրթական հասատութիւնները: Այս է այն ուխտը որ պէտք է կատարել այս շրջանէն ներս Դաշնակցութեան հաստատման յիսնամեակի առիթով>>:

Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ գաղութիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպս. Նաճարեան փոխանցելու իր հայրական խօսքը: Սրբազան հայրը նախ շնորհաւորեց շրջանս, որ տարիներ առաջ գիտակցութիւնը ունեցած էր եւ կարիքը զգացած էր հիմնելու ՀՅԴ-ը այս գաղութէն ներս եւ այսօր անոր 50-րդ տարեդարձին՝  եկած է կրկին անգամ որպէս հաւաքականութիւն վերանորոգելու իր ուխտը եւ խոնարհելու անցնող 50 տարիներու ընթացքին տարուած հայանպաստ  ազգանուէր աշխատանքին առջեւ: Սրբազան Հայրը նշեց նաեւ թէ շուտով պիտի թեաւկոխենք Հայկական Ցեղասպանութեան 100 ամեակը եւ շատ են մեր պարտաւորութիւններն ու իրագործելիք ծրագիրները հայրենիքէն ներս եւ սփիւռքի տարածքին եւ հարկ է որ ճիշդ ուղղութեամբ եւ նախապէս մտածուած քայլերով ընթանանք մեր պահանջատիրութեան ճանապարհին մէջ: Ճերմակ ջարդի վտանգին  կրկին անգամ անդրադառնալով  Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց  ներկաներուն ամէն գնով հայ մնալ եւ հայեցի դաստիրակաութիւն ջամբել մատղաշ սերունդներուն , որպէսզի շրջանիս ՀՅԴ-ի անցնող 50 տարիներու աշխատանքը ի զուր չերթայ եւ գալիք 50 տարիները եւս արդիւնաւորուին ու բեղմնաւորուին նորանոր յաջողութիւններով եւ իրագործումներով:

Պահպանիչով եւ Տէրունական Աղօթքով իր աւարտին հասաւ հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը, որմէ ետք անմիջապէս բեմ հրաւիրուեցաւ Ազգային եւ Յեղափոխական երգերու լաւագոյն մեկնաբան, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արտիստ ընկ. Ներսիկ Իսպիրեան ներկաները խնադավառելու օրուան պատշաճող հայրենասիրական երգերով:

Մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամ Իսպիրեան հրապուրեց , յուզեց,  միաժամանակ նաեւ խանդավառեց հանդիսականները  ազգային - յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեամբ: Ներկաները որոտընդոստ ծափահարութիւններով ու գնահատանքի բացագանչութիւններով յոտնկայս շնորհաւորեցին ու արժեւորեցին արուեստագէտ Իսպիրեանի բացառիկ ելոյթը:

Սոյն տօնակատարութեամբ նոր էջ կը բացուի աւստրալահայ գաղութի պատմագիրքին մէջ: Վերանորոգենք հիմնադիրներու ուխտը եւ արդիական միջոցներով շարունակենք մեր գործունէութիւնը անոնց գծած ուղիով:

Ընթերցելու համար ՀՅԴ ՀՅԴ <<Դրօ>> Ա. Կոմիտէի խօսքը ՀՅԴ 124րդ տարեդարձի եւ Աւստրալիոյ մէջ ՀՅԴ կառոյցի յիսնամեակի առիթով այցելէցէ'ք հետեւեալ կայքէջը:

Դիտելու համար Աւստրալիոյ մէջ ՀՅԴ հիմնադրութեան յիսնամեակի նուիրուած գեղարուեստական երեկոյի նկարները այցելեցէ'ք հետեւեալ կայքէջը

Դիտելու համար Աւստրալիոյ մէջ ՀՅԴ հիմնադրութեան յիսնամեակի նուիրուած պարահանդէսի նկարները այցելեցէ'ք հետեւեալ կայքէջը:



comments

Advertisement