Խմբագրական Ակնարկ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հաղորդագրութեան

By armenia.com.au | Sunday, 21 June 2020

Խմբագրական Ակնարկ

Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տէր Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեան հրապարակած է իր երկրորդ հաղորդագրութիւնը, առ ի պատասխան հեռատեսիլի ծրագրի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին իր ունեցած  արտայայտութեան առնչութեամբ յառաջացած քննադատութեան ալիքին: Սրբազան հայրը Աւստրալահայ համայնքի առաջին սերունդը բնութագրած էր որպէս ոչ շատ զարգացած տարր մը, որոնք չեն կրցած երթալ Ամերիկա, Գանատա կամ Եւրոպա:

Օրին, «Արմենիա Մետիա»-ն խմբագրականով մը ներկայացուցած էր այդ արտայայտութեան ստեղծած ժողովրդային դժգոհութեան մեծ ալիքը, պահանջելով արտայայտութեան հանրային ճշդում, տրուած ըլլալով որ արտայայտութիւնը վիրաւորական էր գաղութի զաւակներուն (կարդալ):

Սրբազան Հայրը այժմ հրապարակած է երկու հաղորդագրութիւն, առաջինը՝ Յունիս 12-ին, որը կարելի է գտնել սեղմելով՝ հոս իսկ երկրորդը կրնաք գտնել ստորեւ:

Այս երկու հաղորդագրութիւններուն միջոցաւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կը բացատրէ, թէ ինք ինչ նկատի ունէր իր արտայայտութիւններով, որոնք համայնքին մեծ վիրաւորանք պատճառած էին: Ան նաեւ ափսոսանք կը յայտնէ թէ գործածուած բառերը նման վիրաւորանք յառաջացուցած են, թէեւ կ’ընդունի որ կարելի էր այլ բառեր ընտրել, սակայն կը խուսափի ներողամտութիւն խնդրելու բառերու արտասանութեան համար: Աւարտին, Սրբազան Հայրը կը հաստատէ, թէ ան կը յարգէ Աւստրալահայ համայնքը եւ մասնաւորապէս առաջին սերունդը, որոնք ճիշդ ձեւով չէին բնութագրուած յիշեալ հարցազրոյցի ընթացքին:

Մենք գոհ ենք որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հրապարակած է այս հանրային ճշդումը:

«Արմենիա Մետիա»-ն պիտի շարունակէ հաշուետուութեան ենթարկել Աւստրալահայ համայնքի պատկանող կամ չպատկանող որեւէ անհատ կամ խմբակցութիւն, որոնք կը վիրաւորեն Աւստրալահայ համայնքը, ամբողջութեամբ կամ մասնակիօրէն: Մէկ խօսքով, եթէ մենք ուղղակիօրէն տեսնենք կամ լսենք վիրաւորական խօսքեր կամ արարքներ կը նշանակէ թէ պատահած են. հետեւաբար, մեր պահանջքը պիտի չըլլայ պարզաբանում, այլ սրբագրում:





comments

Advertisement