Հ․Յ․Դ․ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

By armenia.com.au | Sunday, 19 July 2020

Հ․Յ․Դ․ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը



Հ․Յ․Դ․ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն, Ատրպէյճանական անմարդկային յարձակումէն ի վեր, մօտէն ու մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի հողային տարածքէն ներս այս անօրէն ներխուժման առթիւ տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանական այս ներթափանցման ու Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ոճրային արարքներու ձեռնարկած Ալիյեւի վարչամեքենայի տմարդի կեցուածքը։

2016-ի Ապրիլեան պատերազմէն չորս տարի անց, Ատրպէյճանը, անգամ մը եւս եկաւ փաստելու որ խաղաղ բանակցութիւններով հարցեր լուծելու ունակ չէ եւ իր մտապատկերին մէջ դրոշմուած է սպանդով ու ջարդերով հարցեր լուծելու վայրենի ու անմարդկային գործելաոճը։

Այս կացութեան լոյսին տակ կու գանք յայտարարելու, թէ Հ․Յ․Դ․ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն զօրաշարժի ենթարկած է իր ամբողջական կառոյցն ու կարելիութիւնները, Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական ու Պատանեկան միութիւններով եւ մեր ուղեկից միութիւններով, արժանի կեցուածք ցուցաբերելու եւ մեր հայրենիքի պետականութեան ու բանակին կողքին կանգնելու:

Երիտասարդական միութեան մեր անդամները քաղաքական ցուցական եւ քարոզչական աշխատանքի ձեռնարկեցին մայրաքաղաք Գանպէրայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց, իսկ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը անցաւ հակագրոհի, ապահովելով դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակի քաղաքական բազմաթիւ դէմքերու յայտարարութիւններ ի նպաստ Հայաստանի ու հայութեան։

Մեր այս աշխատանքներու ընթացքին կ’ակնկալենք համայն Աւստրալահայութեան աջակցութիւնն ու միասնակամ կեցուածքը: Մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի նկատմամբ կատարուող այս ստոր արարքն ու բոլոր զարգացող իրադարձութիւնները «Արմենիա Մետիա»ով կամ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կատարուող յայտարարութիւններով Ձեզ իրազեկ պիտի պահենք։

Մինչ այդ, կու գանք Աւստրալահայութեան անունով մեր վշտակցութիւնը յայտնելու նահատակ հերոսներու հարազատներուն եւ կը վերահաստատենք, որ բոլոր միջոցներով կանգնած ենք մեր հերոս յաղթական բանակի եւ հայկական զոյգ պետութիւններու կողքին։

Մեր պայքարը արդար է, իսկ մեր յաղթանակը պիտի ըլլայ ամբողջական։

Սիտնի, 19 Յուլիս, 2020

comments

Advertisement