Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատարագը Մելպուրնի Սուրբ Սիրտ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ

By Vatican News | Sunday, 24 July 2022

Հովուապետական այցով Աւստրալիա գտնուող Տանն կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը Կիրակի 24 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 11ին, Մելպրունի Յիսուսի եւ Մարիամու սուրբ սրտերուն նուիրուած Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Հայրապետական Սուրբ Պատարագը` առընթերակայութեամբ տեղւոյն Հովիւ գերապատիւ Հայր Բարսեղ Վարդապետ Սուսանեանին եւ Պէյրութի թեմին օգնական եպիսկոպոս` Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանին ու ներկայութեամբ Հայր Նարեկ վրդ Մնոյանին։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատարագը Մելպուրնի մէջ
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատարագը Մելպուրնի մէջ

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Մելպրուրնի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալները։

Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ողջունելով համայնքի անդամները առանձնայատուկ կերպով շեշտեց որ իր այս այցը Աւստրալիա նշան է Հայրական հոգածութեան հանդէպ իր համայնքին, ու թէ ինք այստեղ եկած է տեսնելու եւ լսելու իր ժողովուրդը ու հասկնալու հարցերը ու շօշափելի ու յստակ լուծումներ գտնելու անոնց։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ուզեց յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղել տեղւոյն Հովիւին` գերապատիւ Բարսեղ Վարդ. Սուսանեանին, Անոր անձնուէր ու ծառայական աշխատանքին համար, որով հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կը ջանայ ապահովել ըլլայ Սիտնէյի ըլլայ Մելրպուրնի համայնքներուն հոգ հոգւոցը։ Ան ապա պարզեց թէ իր փափաքն ու կամքն է որ Մելպուրնի հասարակութիւնը ունենայ մնայուն հոգեւորական մը ու թէ պիտի աշխատի այդ ուղղութեամբ։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատարագը Մելպուրնի մէջ
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատարագը Մելպուրնի մէջ

Պատարագէն ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ի պատիւ պատրաստուած էր յատուկ ճաշկերոյթ որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մելպրունի Լատին Եկեղեցւոյ առաջնորդը` Արհ. Փիթըր Արքեպիսկոպոս Քոմենսոլին ։

Ճաշկերոյթի ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Պատրիարքական յատուկ շքանշաններով պատուեց համայնքին երեք բարերարներ` Տիարք Ժոզէֆ Պետրոս, Փիեր Թանզիմաթ եւ Մաժտի Պաթթին որպէս երախտագիտութեան նշան անոնց համայնքին ու ծխական մարմնին ի սպաս ծառայութեան համար։

Պատրիարքական շքանշանին արժանացող հաւատացեալները
Պատրիարքական շքանշանին արժանացող հաւատացեալները

Մելպուրնի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին հաւատացեալը իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ իր այս հովուական այցելութեան եւ հայրական մօտիկութեան համար, այցելութեան ի յիշատակ անոր նուիրեցին ափսէ մը որուն վրայ փորագրուած էին այցելութեան թուականները։

comments