Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հանդիպեցաւ Սիտնիի Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ

By Vatican News | Thursday, 28 July 2022



Աւստրալիա կատարած հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը աւարտելէ ետք Մելպուրնի հանգրուանը, Չորեքշաբթի 27 Յուլիսին, իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին, վերադարձաւ Սիտնի, ուր հանդիպումներ ունեցաւ մի քանի ընտանիքներուն հետ, ապա Սիտնիի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ ընդունեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ անոր հովանին տակ գործող միութիւններու  Հ.Օ.Մ, Համազգային եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչներէ պատուիրակութիւն մը։

Աւստրալիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովիւ Հայր Բարսեղ Սուսանեանի եւ Հայր Նարեկ Մնոյանի մասնակցութեամբ բարեկամական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցակիցներուն անդրադառնալու Հայաստանին դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն մասին, ու քննարկելու Լիբանանը եւ լիբանահայութիւնը յուզող հարցեր, յատկապէս Երկրին այսօր ապրած ճգնաժամային ժամանակաշրջանի ծիրէն ներս։

Անոնք համաձայն գտնուեցան, որ այսօր աւելի քան երբեք հրամայական է, աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբումը, միասնական համագործակցութիւնը, դիմագրաւելու ու յաղթահարելու համար բոլոր դժուարութիւնները, հաւատարիմ մնալով պապենական հաւատքին ու կառչած` Ազգային Ինքնութեան։

Հանդիպման աւարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Արմենիա Մետիա» մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան հետ։

comments