Ոչ եւս է Ընկեր Յովհաննէս Էսմէրեանը

By armenia.com.au | Wednesday, 24 May 2023



Ուրբաթ 19 Մայիս 2023-ին Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴաշնակցութեան հաւատաւոր ընկերներէն ընկեր Յովհաննէս Էսմէրեանը:


Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 26 Մայիս 2023-ին առաւօտեան  ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը`

ԳՈՅԺ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ իր ընկերներէն Ընկեր Յովհաննէս Էսմէրեանի մահը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Յովհաննէսին ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Սիտնի - Աւստրալիա

comments