Երկուշաբթի 12 Յունիս 2023ին վաղ առաւօտեան Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ եւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ կազմակերպական կառոյցի զանազան պատասխանատու մարմիններու նախկին անդամ ընկեր Սամուէլ Քալողլեանը:
Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:
Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 20 Յունիս 2023-ին Առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Macquarie Park գերզեմանտան մէջ:
Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը՝
ԳՈՅԺ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ շրջանի վաստակաշատ ընկերներէն Ընկեր Սամուէլ Քալողլեանի մահը:
Ընկեր Սամուէլ Քալողլեանի կեանքը՝ Դաշնակցութեան եւ Աւստրալահայ գաղութին համար եղաւ համակ նուիրում ու զոհողութիւն:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու Ընկեր Սամուէլ Քալողլեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Սիտնի - Աւստրալիա