Պաքուի Հայերու Ջարդերուն Տարելիցին Նուիրուած Խորհրդաժողով Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ  

By Asbarez | Friday, 07 February 2020

0207Euro Hay Tad1

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարին, Եւրոպական խորհրդարանի կիպրացի պատգամաւոր Քոսթաս Մավրիտեսի հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ «Մոռցուած գաղթականները. ի՞նչ պատահեցաւ Պաքուի հայերուն» խորագրուած խորհրդաժողովը:

Խորհրդաժողովը կազմակերպած էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի առաքելութիւնը:

Խորհրդաժողովին բանախօսներն էին՝ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի նախկին փոխխօսնակ եւ իր մարդասիրական գործունէութեամբ յայտնի պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, ամերիկահայ գրող, իրաւաբան, Պաքուի ջարդերէն վերապրած եւ իրաւապաշտպան Աննա Աստուածատուրեան, Թըրքաթ եւ Պրիւքսէլի Բաց համալսարանի դասախօս, թարգմանիչ եւ Պաքուի ջարդերէն վերապած Դաւիթ Պապաեւ:

Խորհրդաժողովին ներկայ էին Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ, պատգամաւորներու խորհրդականներ, ուսանողներ, քաղաքացիական հասարակութեան եւ Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Պաքուի հայերու ջարդերէն վերապրած Պելճիքայի քաղաքացիներ:

Խորհրդաժողովի բացման իր խօսքին մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունեց ներկաները՝ մեծապէս կարեւոր համարելով Պաքուի հայերու ջարդերուն նուիրուած խորհրդաժողովին կազմակերպումը եւրոպական ժողովրդավարութեան կեդրոնին մէջ:

«Եւրոպական խորհրդարանը 1990ի իր բանաձեւերուն մէջ միանշանակօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի հայերու ջարդերը», յիշեցուց Կարապետեան:

Իր կարգին, Մավրիտես յայտարարեց, որ որոշած է հիւրընկալել խորհրդաժողովը նաեւ այն պատճառով, որ ինքն ալ կը կիսէ գաղթականներուն ճակատագիրը, որովհետեւ փոքր տարիքէն իր ընտանիքը եւս ստիպուած եղած է փախուստի դիմել՝ 1974ին, Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման հետեւանքով: Պատգամաւորը շեշտեց, որ յիշատակելը վրէժխնդրութիւն չի նշանակեր, բայց նոյն ատեն մոռացութեան մատնելն ալ աններելի է, քանի որ անիկա նոր յանցագործութիւններու կը մղէ:

Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար դեսպան Թաթուլ Մարգարեան յիշեցուց, որ Ատրպէյճանի մէջ հայերու կոտորածները Պաղ պատերազմէն ետք Եւրոպայի մէջ առաջին զանգուածային սպանութիւնները եւ ցեղապաշտական զտումներն էին:

Իրենց վկայութիւններուն մէջ, Աստուածատուրեան եւ Պապաեւ ներկայացուցին ողբերգական օրերու իրենց յիշողութիւնները: «Մենք ամիսներով պահուըտած էինք մեր բնակարանին մէջ՝ յուսալով, որ հայերու դէմ բռնութիւնը պիտի դադրի: Բայց անիկա չդադրեցաւ: Մենք ամէն ինչ ձգեցինք եւ փախուստի դիմեցինք: Ձեւով մը փրկուեցանք եւ ողջ մնացինք: Մեր դրացիներէն ու բարեկամներէն շատերը մեզի պէս բախտաւոր չեղան», նշեց Աստուածատուրեան:

Պապաեւ, իր կարգին շեշտեց, որ Սումգայիթի ու Պաքուի ջարդերուն համար պարարտ հող նախապատրաստուած  էր Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ: «Այդ վայրագութիւնները՝ բռնութիւնը, ահաբեկումը, բռնաբարութիւնները, սպանութիւնները, ողջ մարդիկը այրելը, պէտք չէ անպատիժ մնան», ընդգծեց ան:

Պարոնուհի Քոքս յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ Պաքուի, Սումգայիթի եւ Արցախի մէջ, եւ անիկա պէտք է ճանչցուի՝ անպատժելիութեան վերջ դնելու համար:

Բանախօսները նաեւ նշեցին, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները երկրին մէջ իբրեւ պետական քաղաքականութիւն կը շարունակեն համակարգուած կերպով հայատեացութիւն սերմանել եւ տարածել, որուն ականատեսը եղած են նաեւ Պաքուի ջարդերու զոհերը: Եզրափակելով՝ բանախօսները շեշտեցին Եւրոպական Միութեան կարեւոր դերը՝ իբրեւ երկխօսութիւն, խաղաղութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ խթանող կարեւոր «փափուկ ուժ»:

Բանախօսութիւններէն ետք գործադրուեցաււ հարցում-պատասխանի բաժինը, եւ խորհրդաժողովին մասնակցողները, ներառեալ ատրպէյճանցիներ, առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու բանախօսներուն:

comments

Advertisement