Սուրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Friday, 14 February 2020

0213Syr khorhrtaran

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

 

ՀԱԼԷՊ, ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- «Գանձասար» թերթը, իր տեղեկութիւնները Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական յանձնախումբէն ստանալով՝ հաղորդեց, թէ Սուրիոյ խորհրդարանը Հինգշաբթի, 13 Փետրուարին, միաձայնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութիւնը  ճանչցող եւ դատապարտող Սուրիա-Հայաստան խորհրդարաններու բարեկամութեան միութեան ներկայացուցած բանաձեւին:

Քննարկումին ընթացքին, Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Նորա Արիսեան յայտնեց, որ առաւել քան 30 երկիրներու խորհրդարաններ արդէն իսկ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ Սուրիոյ խորհրդարանը յատուկ նիստով յարգանքի իր տուրքը մատուցած էր 20րդ դարուն սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած մարդկութեան դէմ այս ոճիրին զոհերու յիշատակին:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Հիմնուելով պատմական իրականութեան վրայ, որ կը հաստատէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին 1915-1923ի միջեւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը,

«Նկատի ունենալով, որ, ըստ սուրիական աղբիւրներուն, Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ջարդերուն մեծ մասը տեղի ունեցաւ սուրիական հողատարածքին վրայ, իսկ սուրիացի ժողովուրդը դարձաւ ականատեսը այս ոճիրին, որուն ճամբով 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարասկիզբին թուրք-օսմանցիներուն հրամանով տեղի ունեցաւ 1.5 միլիոն հայերու կանխամտածուած Ցեղասպանութիւնը,

«Սուրիոյ խորհրդարանը կը դատապարտէ եւ կը ճանչնայ հայերը ցեղասպանութեան ենթարկելու ոճիրը եւ իր խոր զօրակցութիւնը կը յայտնէ եղբայրական հայ ժողովուրդին. անիկա նաեւ կը դատապարտէ պատմական իրողութիւնը ժխտող եւ խեղաթիւրող որեւէ փորձ՝ զայն համարելով մարդկութեան դէմ ամենածանր ոճիրներէն մէկը:

«Խորհրդարանը կը հաստատէ, որ հայերը, ասորիները եւ սուրիացի ժողովուրդի այլ մասնիկներ զոհ դարձան այդ ժամանակաշրջանի թուրք-օսմանցիներու ձեռքով իրականացուած ջարդերուն եւ ցեղային զտումին, եւ կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային հանրութեան՝ զայն ճանչնալու եւ դատապարտելու»:

Սուրիոյ խորհրդարանի քարտուղար Ռամի Սալեհ իր կարգին ըսաւ, որ թէեւ Սուրիոյ խորհրդարանը իր յարգանքի տուրքը մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, սակայն անհրաժեշտ էր ունենալ քաղաքական նման բանաձեւ մը:

Նաեւ, Հայաստանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմատ Հաճ Իպրահիմ կարեւոր համարեց Սուրիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ նշելով, որ Ցեղասպանութիւնը իրագործողներուն ժառանգորդները այսօր եւս կը փորձեն նոյն ոճիրը իրագործել Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ՝ ահաբեկիչներու ձեռքով: «Ճանաչումը կարեւոր է, որովհետեւ արաբական երկիրներէն միայն Լիբանանն է, որ մինչեւ այսօր ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսաւ ան:

Նոյն օրը, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղած իր նամակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը ջերմօրէն ողջունեց Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան միաձայնութեամբ ճանաչումը:

«Վստահ ենք, որ դուք եւ ձեր հանգուցեալ հայրը կարեւոր դեր ունեցաք Ցեղասպանութեան դատապարտումին ու ճանաչումին գծով՝ ձեր հրապարակային կեցուածքներուն ճամբով անցնող տարիներուն ընթացքին: Այս առիթով, կ՛ուզենք նաեւ շեշտել, որ Սուրիոյ ժողովուրդը իր բաղկացուցիչ տարրերով՝ իր պետութեամբ եւ բոլոր կառոյցներով, արդէն իսկ 100 տարիներ առաջ ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ իր հողին վրայ ընդունած էր Ցեղասպանութենէն վերապրող հայ ժողովուրդի զաւակները:

«Դուք ցեղասպանութիւնը ճանչցած եղաք, երբ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր զաւակներուն հետ Սուրիոյ ժողովուրդը կիսեց իր հացն ու ջուրը: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր ժողովուրդը Սփիւռքի մէջ յատուկ ուրախութեամբ կ՛ողջունէ Սուրիական խորհրդարանին այս որոշումը: Մեր բարձր գնահատանքը կ՛ուզենք յայտնել Սուրիոյ խորհրդարանին, ձերդ վսեմութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդին՝ մաղթելով ամբողջական խաղաղութիւն եւ բարգաւաճ օրեր Սուրիոյ Հանրապետութեան»:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը նմանօրինակ նամակ մը յղեց նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին:

 

comments

Advertisement