Փայլան Յստակացումներ Կը Պահանջէ Թուրքիոյ Մէջ Աւետարանականներու Հալածանքին Վերաբերեալ

By Asbarez | Thursday, 12 March 2020

0312Paylan

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ.- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, Տիգրանակերտը ներկայացնող հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի գրասենեակէն ստացանք հետեւեալ գրութիւնը.

«Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան պատրաստած 2019ի ընթացքին իրաւանց խախտումներու մասին զեկոյցին համաձայն՝ աւետարանական կրօնաւորներ եւ համայնքի անդամներ երկրէն կը վտարուին, իրենց վիզա, մուտքի կամ կեցութեան արտօնագիր չեն տրամադրուիր եւ կը քրէական գործերով կը հետապնդուին բոլոր այն անձերը, որոնք կը մասնակցին կազմակերպութեան հաւաքներուն:

Զեկոյցին մէջ աւետարանականներու ուղղեալ ատելութեան ոճիրները եւ անոնց անպատժելիութիւնը կը բացայայտուին օրինակներով:

Նիւթին շուրջ հետեւեալ հարցագիրը յղեցինք ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին.

– Ճի՞շդ են այն լուրերը, թէ աւետարանական անհատներ կը վտարուին երկրէն, կ՛արգիլուի անոնց Թուրքիա մուտքը եւ անոնց չեն տրամադրուիր մուտքի արտօնութիւններ։ Նման քայլեր խտրականութեան համապատասխանող կիրարկումներ են:

– Ի՞նչ է աւետարանականները երկրէն վտարելու եւ անոնց ճամբորդելու իրաւունքը խլելու պատճառաբանութիւնը:

– Նախարարութիւնդ միջոցառումներու պիտի ձեռնարկէ՞, որպէսզի անթերի կերպով կիրառէ իրաւահաւասարութեան սկզբունքը եւ խտրականութեան արգիլումը, եւ պիտի իրականացնէ՞ ատելութեան յանցանքը վերացնելուն ուղղուած միջոցառումներ եւ քաղաքականութիւն:

«Մարմարա»ն կը գրէ, թէ նշեալ տեղեկագիրին մէջ յիշուած է, թէ երկրին մէջ աւելի քան 170 աւետարանական եկեղեցի եւ համայնք կայ, որոնք գլխաւորաբար կը գտնուին Պոլիսի, Անգարայի եւ Իզմիրի նման մեծ քաղաքներու մէջ։ Այս եկեղեցիներէն 26ը տուն-եկեղեցի է։

comments

Advertisement