ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան

By Asbarez | Wednesday, 25 March 2020

 

HOMENETMEN2

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի «Քորոնա» ժահրին պատճառած լուրջ տագնապին։

Տագնապը ունի համաշխարհային տարողութիւն՝ առողջապահական, տնտեսական, ընկերային եւ հոգեբանական ծանրակշիռ հետեւանքներով։

Պետութիւններ, միջազգային եւ տեղական կազմակերպութիւններ ժահրին տարածման առաջքը առնելու համար, իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան սահմաններուն մէջ, անհրաժեշտ քայլերու կը դիմէ՝ հանրութիւնը ապահով ու անվնաս պահելու համար։

Աշխարհասփիւռ իր կառոյցին բերումով, ՀՄԸՄը եւս կը կրէ տագնապին բոլոր հետեւանքները։ Միութեան 111 մասնաճիւղերուն ընթացիկ աշխատանքները դադրած են արդէն եւ Շրջանային թէ Մեկուսի վարչութիւններ, Կեդրոնական վարչութեան ցուցմունքով՝ լծուած են արտակարգ իրավիճակի յատուկ գործունէութեան։

Արդարեւ, տագնապին սկզբնական օրերէն Կեդրոնական վարչութիւնը՝

Ա. Միութեան 26 շրջաններէն պահանջեց բոլոր հաւաքները եւ սկաուտական-մարզական աշխատանքները փոխարինել դաստիարակչական առցանց ծրագիրներով՝ կարելիութիւնը ստեղծելով նորահաս սերունդին՝ ակումբներէ եւ հաւաքավայրերէ հեռու մնալով հանդերձ, հեռու չմնալու ազգային-միութենական կեանքէն եւ մթնոլորտէն։

Բ. ՀՄԸՄի մարմիններուն թելադրեց քարոզչական առցանց աշխատանքի ձեռնարկել իրենց շրջաններու անդամները, համակիրներն ու ժողովուրդը տեղեակ պահելու համալ «Քորոնա» ժահրին վտանգներուն եւ նախազգուշական միջոցներուն մասին։

Գ. Որոշեց ժողովական կեանքը ըստ կարելիութեան շարունակել արդի արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներով եւ հաղորդակցութեան կարելի բոլոր միջոցներով՝ անխափան պահելով մարմիններ-անդամներ եւ մարմիններ-Կեդրոնական վարչութիւն կապերը։

Դ. Միութեան շրջաններուն թելադրեց իրենց բովանդակ կարելիութիւնները դնել ազգային մարմիններու տրամադրութեան տակ, կամաւոր ծառայութեան սկզբունքով օժանդակելու համար տագնապահար հայորդիներու կարիքներուն

Արտակարգ իրավիճակի ներկայ պայմաններուն մէջ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը կը յուսայ յիշեալ քայլերով իր մասնակցութիւնը բերել մեր օրերու համաշխարհային մեծագոյն տագնապին դիմագրաւման, գործնական եւ անմիջական փաստը տալով մարդկային մօտեցումի, քաղաքացիական գիտակցութեան ու ազգային պատասխանատուութեան այն արժէքներուն, որոնք հարազատ արտայայտիչները կը հանդիսանան միութեան առաքելութեան եւ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանին։

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 24 Մարտ 2020

 


comments

Advertisement