Քորոնա Ժահրին Պատճառով Մահացաւ Սփիւռքահայ նկարիչ, Ճարտարապետ Էդման Այվազեան

By Asbarez | Thursday, 26 March 2020

0327Edmon

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 88 տարեկանին, Լոնտոնի մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացաւ իրանահայ, լոնտոնաբնակ նկարիչ, ճարտարապետ Էդման Այվազեան:

Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը: Կը նշուի, որ ան Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի այցելուներուն կողմէ ամէնէն աւելի սիրուած ցուցանմոյշներէն մէկուն՝ Արամ Խաչատրեանի դիմանկարին հեղինակն է:

Ան Ծովանկարիչներու թագաւորական միութեան, Լոնտոնի գեղանկարիչներու թագաւորական հիմնարկին անդամ էր։ Թեհրան ծնած Այվազեան 1939էն 1948 յաճախած է Թեհրանի Թամատոն միջնակարգ դպրոցը, 1964էն 1966 Հռոմի գեղարուեստի ակադեմիոյ մէջ ստացած է բարձրագոյն ուսում:

1958ին Իրանի կողմէ մասնակցած է Վենետիկի նկարչական փառատօնին եւ արժանացած արուեստի եւ մշակոյթի նախարարութեան առաջին մրցանակին։ 1960էն 1974 աշխատած է ճարտարապետութեան բնագաւառին մէջ («Քաջերէ» հիւրանոց, Թոմասեան դպրոց)։ Ստեղծած է Թեհրանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ տաճարին պատկերները։

1973ին փոխադրուած է Լոնտոն: 1980ին գծած է Ապտուլազիզ թագաւորի անուան օդակայանի Մեծ մզկիթին գծապատկերները:

Էդման Այվազեան անդրադարձած է «Սասունցի Դաւիթ» առասպելին, նկարազարդած է Յովհաննէս Թումանեանի երկերը, ստեղծած է դիմանկարներ եւ ծովանկարներ։ Այվազեանի ստեղծագործութիւնները կը գտնուին զանազան եկեղեցիներու եւ թանգարաններու մէջ՝ Լազար պատկերասրահ, Արամ Խաչարտեանի տուն-թանգարան եւ այլն։

2015ին, նկարիչը պարգեւատրուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալով:

comments

Advertisement