Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները Եւ Հայ Նախարարուհին

By Asbarez | Friday, 19 June 2020

GAREVOR-0620Aram

ՊԻՔՖԱՅԱ.- Հինգշաբթի, 18 Յունիսին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստանի կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան վերաբերող հարցեր:

Նոյն օրը վեհափառին նաեւ այցելեց Լիբանանի կառավարութեան նախարարուհի Վարդինէ Օհանեան Գէորգեան: Նախարարուհին հայրապետին զեկուցեց կառավարութեան աշխատանքներու ծրագիրներուն շուրջ: Կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց նախարարուհիին, որ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ կառավարութեան աշխատանքներուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը պաշտպանէ Լիբանանի հայութեան իրաւունքները:

comments

Advertisement