Յարձակում Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Վարժարանին Եւ Հայ Կեդրոնին Վրայ

By Asbarez | Saturday, 25 July 2020


ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ․- Հինգշաբթիէն Ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին, ատրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ խուլիկաններ յարձակած են Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնին վրայ, ատելավառ հայհոյանքներ գրելով եւ Ատրպէյճանի դրօշակին գոյները ներկելով անոնց արտաքին պատերուն վրայ:

Վարժարանին տնօրէնութիւնը եւ ՀՅԴ Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը, համագործակցութեամբ քաղաքի օրինապահ մարմիններուն՝ կը հետապնդեն ազգային ատելութեան հողին վրայ կատարուած այս յարձակումին ծալքերը։

comments

Advertisement