By Asbarez | Thursday, 26 January 2012
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ճնշուածներու ընկերվարական կուսակցութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքին առնչութեամբ հաղորդագրութիւն մը հրատարակած է՝ դիտել տալով, որ երկու բողոք ունի. մէկը՝ Թուրքիոյ ժխտողական մտայնութեան դէմ, իսկ երկրորդը՝ հայ ժողովուրդին ցաւը շահագործող Ֆրանսային դէմ։
Իր առաջին բողոքին մէջ, կուսակցութիւնը կը պնդէ, որ թուրք «քաղքենի քաղաքականութիւնը մեր ժողովուրդը կը խաբէ՝ ուրանալով 1915ին հայերու դէմ գործուած սպանդը», եւ այս նիւթին շուրջ կը ջանայ իր յանցանքը թեթեւցնել՝ յառաջ քշելով այնպիսի պնդումներ, ինչպէս օրինակ՝ «սպաննեցիք, բայց քիչ սպաննեցինք եւ անոնք ալ մեզ սպաննեցին»:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ թուրք տիրապետող քաղքենի դասակարգը, նախքան Հայկական Ցեղասպանութիւնը քաղաքական նախանիւթ նկատողներուն դէմ հակազդեցութիւն ցուցաբերելը, պէտք է երես առ երես գայ իր պատմութեան հետ։
«Թուրք քաղքենիութիւնը, որ օսմանցիներէն ժառանգուած ոճրային ժառանգութիւնը կը պահպանէ, այդ անցեալի սպանդներուն վրայ միշտ նորերը աւելցուցած է։ Հայկական Ցեղասպանութիւնը առաջին օղակն է։ Այդ առաջին արարքը ուրանալով՝ կը փակեն նաեւ Տերսիմի, Սեպտեմբեր 6-7ի, Մարաշի ու Սվազի խնդիրներուն թղթածրարները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, ուր կոչ կ՛ըլլայ իշխանութեանց ներողութիւն խնդրելու քիւրտ, հայ եւ ալաուի քաղաքացիներէն, որովհետեւ անկէ ետք միայն իմաստ կ՛ունենայ անոնց դիմադրութիւնը Ֆրանսայի օրէնքին։ «Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը եւս իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նոր մէկ ճարպիկութիւնն է», գրուած է հոն:
Կուսակցութեան երկրորդ բողոքը ուղղուած է Ֆրանսային. արդարեւ, կը պնդուի, թէ Ֆրանսա հայ ժողովուրդին ցաւը, «մեր հողերուն վրայ ապրուած այս ցաւը իբր գործիք կը գործածէ՝ իր կայսերապաշտ հաշիւներուն համար։ Կայսերապաշտ ո՛չ մէկ երկիր ժողովուրդներու ցաւերուն մասին խօսելու իրաւունք ունի, որովհետեւ բոլորն այլ ժողովուրդներու ոճրագործներն են»։
Աւարտին, կուսակցութիւնը կը պնդէ, թէ ինք կը բաժնէ հայ ժողովուրդին ցաւը։
comments
Armenia Media Australia Hiring Social Media Coordinator/Content Creator
Your Guide to the 2025 Armenian Film Festival
Armenian Film Festival Returns for 2025!
OPED: 100,000 Indigenous Armenian Refugees Exiled After Azerbaijan Terror
Australia Live By Armenia Media: Tim James & Hugh McDermott
Australia Live By Armenia Media: Ohanes Ohanesian
Armenia Media with Academy for Early Learners West Pymble