By Aztag Daily | Thursday, 20 April 2017
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նոր մեղադրանքներ հնչեցուցած է ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի եւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) հասցէին` վերջիններուս կողմէ Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին վերաբերեալ հրապարակուած քննադատական զեկուցումին առնչութեամբ: Ինչպէս <<Արմէնփրես>> կը նշէ, այս մասին կը հաղորդէ <<Անատոլու>> լրատու գործակալութիւնը:
Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի եւ ԵԽԽՎ-ի կողմէ եկած դիտորդական առաքելութեան շարք մը անդամներ մասնակցած են Թուրքիոյ դէմ կազմակերպուած հաւաքներուն եւ հանրաքուէէն առաջ <<Ոչ>>-ի արշաւ կատարած: <<Այս անգամ եկած պատուիրակութիւնը լաւ մտադրութիւններով չէ եկած. կանխակալ եկած է եւ թեքնիք հարցերէն այն կողմ քաղաքական հարցերու մէջ մտած, մինչդեռ անոնց գործը քաղաքական մեկնաբանութիւնները ընելը չէ>>, նշած է Չաւուշօղլու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը մեղադրած է առաքելութեան անդամները ահաբեկչութեան աջակցելու ամբաստանութեամբ` յիշեցնելով, որ անոնց զեկուցումը պարտադիր բնոյթ չունի:
Ան յայտնած է նաեւ, որ մուտքի արտօնագիրի ազատականացման մասին իրենց վերջին առաջարկը պիտի ներկայացնեն Եւրոպական Միութեան: <<Արդէն թող որոշում տան: Կա՛մ այո, կա՛մ ոչ: Եթէ <<Ոչ>> ըսեն, միւս համաձայնագիրները, ներառեալ գաղթականներու հարցով համաձայնագիրը, չեղեալ պիտի նկատուի>>, ըսած է Չաւուշօղլու` յայտարարելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիան շանթաժի ենթարկելով ոչ մէկ տեղ կրնայ հասնիլ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ