Փոստանջեան Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն վերաբերեալ ԿԸՅի որոշումները կը բողոքարկէ վարչական դատարանին մէջ

By Asbarez | Wednesday, 24 May 2017

0525zarouhi

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - <<Երկիր Ծիրանի>> կուսակցութեան առաջնորդ Զարուհի Փոստանջեան Չորեքշաբթի, 25 Մայիսին, Վարչական դատարան ներկայացուց Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները անվաւեր ճանչնալու դիմումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) անցեալ Կիրակի ամփոփած էր ընտրութիւններու արդիւնքները, որոնց համաձայն՝ Փոստանջեանի կուսակցութիւնը ստացած էր քուէներուն շուրջ 7.5 տոկոսը, մրցակից ուժերը՝ իշխող Հանրապետականը եւ <<Ելք>> դաշինքը, ստացած էին համապատասխանաբար՝ քուէներու 69.5 եւ 20.4 տոկոսը: Նոյն օրը, ԿԸՅի որոշումով՝ Երեւանի աւագանիի լիազօրագիրները բաշխուած էին հետեւեալ համամասնութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն՝ 46 աթոռ, <<Ելք>> կուսակցութիւններու դաշինքը՝ 14 աթոռ, <<Երկիր Ծիրանի>> կուսակցութիւնը՝ 5 աթոռ:

Ընտրութիւններուն վերաբերեալ ԿԸՅի որոշումները բողոքարկելու մասին դիմումը Վարչական դատարան յանձնելէ ետք Զարուհի Փոստանջեան <<Ազատութեան>> աշխատակցին հետ զրուցելով՝ պնդեց, որ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը յաղթած է կեղծիքներու եւ ճնշումներու միջոցով:

<<Քաղաքացիները հնարաւորութիւն չունեցան օգտուել իրենց իրաւունքից, եւ ահաբեկուած լինելով՝ նոյնիսկ չմասնակցեցին ընտրութիւնների, որովհետեւ իրենց համար պարզ էր, որ եթէ տեղի է ունենում նման ահաբեկչութիւն (ան կ՛ակնարկէ իր եւ իր դստեր դէմ կատարուած բռնութեան) քաղաքապետի թեկնածուի նկատմամբ, նրա վստահուած անձի նկատմամբ, ապա ինչպէ՞ս կարելի է մտածել, որ դրանք ընտրութիւններ են>>, պնդեց Փոստաջեան:

 



comments

Advertisement