Թուրքիա Կը Հերքէ Նախիջեւանի Մէջ Ռազմական Խարիսխ Մը Հաստատելու Մասին Լուրը

By Asbarez | Monday, 10 September 2018

0907nakhichevan

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի նախագահութեան բարձրաստիճան դէմքերէն Իսմայիլ Հաքքը Փեքին, անդրադառնալով Նախիջեւանի մէջ ռազմական խարիսխ մը հաստատելու մասին «Սէօզճիւ» թերթի լրատուութեան՝ յայտարարեց, թէ Նախիջեւանի մէջ թրքական ռազմակայան մը հաստատելու անհրաժեշտութիւն չկայ։

Ըստ իրեն, Նախիջեւանի մէջ արդէն կը գտնուի Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու զօրախումբ մը, եւ Թուրքիան արդէն իսկ անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցոյց կու տայ այդ զօրախումբին։

«Հոն կը գտնուին մեր զինուորական խորհրդատուները, եւ Թուրքիա սերտօրէն կը համագործակցի Նախիջեւանի սահմանապահ զօրքերուն եւ մասնայատուկ ուժերուն հետ։ Երբ Ատրպէյճանէն անկարելի ըլլայ վառելանիւթ ուղարկել Նախիջեւանի զօրքին համար, Թուրքիան, երբեմն ալ Իրանը, վառելանիւթ կ՛ապահովեն ինքնավար մարզի զինուորական ուժերուն», ըսաւ Փեքին։

Ան այս յայտարարութիւնները ըրաւ ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան թղթակիցին՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով այն հանգամանքին վրայ, որ Նախիջեւանի մէջ թրքական ռազմախարիսխի մը հաստատումը կրնայ կասկածներ յառաջացնել Իրանի մօտ։

«Նախիջեւանը մէկ կողմէ սահմանակից է Հայաստանին, իսկ միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ։ ՆԱԹՕի անդամ երկիրի մը՝ ռազմակայանին դրացութեամբ յայտնուիլը կրնայ Իրանի մօտ լարուած կացութիւն ստեղծել։ Այժմ, օրակարգի վրայ է հիւսիսային Կիպրոսի մէջ ծովային ռազմակայան մը ստեղծելու հարցը։ Մենք պէտք է մեր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք այդ հարցին վրայ», ըսաւ ան։

comments

Advertisement