Ունինք Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Զարգացնելու Հրաշալի Առիթ. Մոսկուա

By Asbarez | Saturday, 15 December 2018

1214zakharova

ԵՐԵՒԱՆ, «Մեհր», «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա 13 Դեկտեմբերին յայտարարեց, թէ Մոսկուա տրամադրուած է խորացնել շինիչ յարաբերութիւնները Հայաստանի նոր խորհրդարանին եւ կառավարութեան հետ։

Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին Մոսկուայի առաջին պաշտօնական արձագանգն է այս:

Նշելով, որ «Ռուսիոյ համար բարեկամական երկրին մէջ» ընտրութիւններ տեղի ունեցան եւ անոնց հետեւեցան դիտորդներ Ռուսիայէն՝ Զախարովա ըսաւ, որ անոնք անցան «օրէնսդրութեան համաձայն» եւ «լուրջ կամ ընտրութիւններու արդիւնքներու վրայ ազեդցութիւն ունեցող ընտրախախտումներու» մասին չէ հաղորդուած:

Ան, յայտնելով, թէ Հայաստան եւ Ռուսիա երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգանալու հսկայական ներուժ ունին՝ աւելցուց. «Ունինք երկկողման յարաբերութիւններու զարգացման հրաշալի առիթ, որ արդիւնք է երկար տարիներու աշխատանքի եւ որ օգտակար եղած է երկու երկիրներու ժողովուրդներուն»:

comments

Advertisement