Ռուսիա Արցախի Բանակցութեանց Վերսկսումը Կ՛ակնկալէ Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Կազմութենէն Ետք

By Asbarez | Saturday, 15 December 2018


1215lavrov baku

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք կազմուելիք կառավարութեան հաստատումէն ետք Հայաստան եւ Ատրպէյճան վերսկսին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները, ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Պաքուի մէջ, 14 Դեկտեմբերին սկսած Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին։

«Երէկ ես մանրամասն զրոյց ունեցայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ զգացի բանակցութիւնները վերսկսելու եւ կառուցողական  հանգուցալուծում գտնելու անոր անկեղծ տրամադրուածութիւնը: Ռուսիա՝ իբրեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մտերիմ գործընկեր եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիր՝ պիտի կատարէ ամէն ինչ՝ փոխզիջման հասնելու  անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու համար», ըսաւ Լաւրով:

Լաւրով յիշեցուց, որ ցարդ տեղի ունեցած են շփումներ երկու երկիրներու ղեկավարներուն եւ արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն միջեւ, սակայն անոնք տեղի ունեցած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններէն առաջ:

«Հիմա, երբ այդ հանգրուանը արդէն անցեալին մէջ է, կ՛ակնկալուի կառավարութեան կազմութիւնը, որմէ ետք, ես կը կարծեմ, որ հայկական կողմը պատրաստ պիտի ըլլայ ատրպէյճանցիներուն, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ վերսկսելու բանակցային գործընթացը», եզրակացուց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

comments

Advertisement