Չաւուշօղլու. Անգարա Միշտ Նկատի Պիտի Առնէ Պաքուի Զգայնութիւնները

By Asbarez | Sunday, 30 December 2018

1227chavush

ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու պատասխանած է Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն արտայայտած այն պատրաստակամութեան, թէ երկկողմանի յարաբերութիւններ պէտք է հաստատել առանց նախապայմաններու։

Ըստ «Հապերթիւրք»ի՝ Չաւուշօղլու ըսած է. «Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը կը յայտարարէ. «Մենք պատրաստ ենք հանդիպիլ Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու», սակայն մեր նախապայմանը յստակ է: Արդեօք մենք քայլերու կը ձեռնարկենք՝ առանց նկատի առնելու Ատրպէյճանի զգայունութիւնը: Պէտք է լուծել Ղարաբաղի գրաւեալ տարածքներու հարցը»:

comments

Advertisement