Փութին. Մոսկուա Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Արցախի Հարցի Կարգաւորման Ջանքերուն

By Asbarez | Monday, 08 April 2019

President of Russia Vladimir Putin received RA Prime Minister Nikol Pashinyan in Kremlin, Moscow

ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին հաստատեց Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը՝ այսուհետեւ եւս Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման աջակցելու։

Այս լուրը հաղորդեց ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան:

«Վլատիմիր Փութին հաստատեց հետագային եւս, ներառեալ՝ նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին միջոցաւ, կարգաւորման առանցքային հարցերուն մէջ լուծումներ գտնելու՝ կողմերուն ջանքերուն աջակցելու Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը», գրուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ Երեւան տեղեկացուցած էր, թէ անցեալ Ուրբաթ օր, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած Ատրպէյճանի նախագահին եւ Փաշինեանի միջեւ հանդիպման մասին, Հայաստանի վարչապետը տեղեկութիւններ փոխանցած է Փութինին, անոր հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին։

«Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկեցին հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող զանազան հարցեր: Կողմերը կարեւոր համարեցին 4 Ապրիլին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Հայ-ռուսական միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի հերթական նիստը եւ վերջինիս ծիրին մէջ քննարկուելիք հարցերը: Նշուեցաւ, որ կան նախադրեալներ՝ հայ-ռուսական երկկողմանի առեւտուրի ծաւալներու ընդլայնման համար: Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ ԵԱՏՄի շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան եւ համարկումի գործընթացներուն վերաբերեալ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

comments

Advertisement