Էրտողանի Կուսակցութիւնը Պոլսոյ Մէջ Նոր Ընտրութիւններ Կ՛ուզէ

By Asbarez | Wednesday, 10 April 2019

0410bolis

Պոլսոյ քաղաքապետ ընտրուած Էքրեմ Իմամօղլու

ԱՆԳԱՐԱ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- 9 Ապրիլին, Թուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը հաստատեց Անգարայի եւ Պոլսոյ քաղաքապետներու ընտրութիւններուն արդիւնքները, ըստ որոնց յաղթած են գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան թեկնածուները, մերժելով Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան այն դիմումը, թէ Պոլսոյ 32 շրջաններէն 31ին մէջ բոլոր քուէները պէտք է վերստին համրուին։

Աւելի ուշ, իշխող կուսակցութեան փոխնախագահ Ալի Իհսան Եաւուզ յայտարարեց, թէ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին դիմած է՝ Պոլսոյ մէջ նոր ընտրութիւններ կատարելու պահանջով:

Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ յաղթանակ արձանգրած է Էքրեմ Իմամօղլու։

Պարտութիւնը մերժող Էրտողանի կուսակղցութիւնը վերջին քանի մը օրերուն կը պնդէ, թէ ընտրական արդիւնքները համրելու ընթացքին «կազմակերպուած ապօրինութիւններ» տեղի ունեցած են, փորձելով կասկածներ յառաջացնել ընտրութեանց արդարութեան շուրջ։

Միւս կողմէ, Պոլսոյ Շիշլի շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած հայազգի նախկին երեսփոխան Սելինա Տողան, որ մաս կը կազմէ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան, յայտնեց, թէ ընտրական արշաւը հեռու էր արդար ըլլալէ, որովհետեւ իշխող կուսակցութիւնը իր օգտին գործածեց հանրային բոլոր աղբիւրները ու խախտեց սահմանադրական սկզբունքները։ «Մենք հաւասար պայմաններու մէջ չպայքարեցանք», ըսաւ ան «Արմետիա»ի հետ հարզազրոյցի մը ընթացքին։

comments

Advertisement