Իսրայէլեան Ռազմական Օդանաւեր Ատրպէյճանի Մէջ

By Asbarez | Friday, 20 December 2019

1220isra

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ամերիկացի ռազմական մարզի մասնագէտ Կորտըն Տաֆ գրած է, որ Իսրայէլ Իրանին սպառնալու նպատակով առնուազն հինգ ռազմական օդանաւեր տեղակայած է Ատրպէյճանի մէջ։

Մասնագէտին համաձայն՝ Իսրայէլ Ատրպէյճանի հետ կնքած է շարք մը ռազմական համաձայնագիրներ եւ օդանաւերուն տեղակայումը կատարուած է անոնց ծիրին մէջ, այսինք, տեղադրումին համար նոր համաձայնագիր չէ կնքուած։

comments

Advertisement