Փութին Եւ Էրտողան Պաշտօնապէս Կատարեցին Թրքական Հոսք Կազատարին Բացումը

By Asbarez | Friday, 10 January 2020

0110Gaz

ԵՐԵՒԱՆ.- Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 8 Յունուարին պաշտօնապէս բացումը կատարեցին «Թրքական Հոսք» կազատարին։

Պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ՝ մասնակցութեամբ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի ու Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսովի։

Իր խօսքին մէջ Փութին յայտնեց, որ կազատարին բացումը կարեւոր իրադարձութիւն է ո՛չ միայն Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ, այլ նաեւ ամբոողջ եւրոպական հաւաքականութեան։

Ան նշեց, որ «Թրքական Հոսք» նախագիծին իրականացումը կը խօսի այն մասին, որ ռուս-թրքական համագործակցութիւնը նշանակալի արդիւնքներ կու տայ։

Սեւ Ծովուն յատակէն անցնող կազատարը կառուցուած է 5 տարիներու ընթացքին։ Անոր միջոցով Ռուսիա կրնայ տարեկան առաւել քան 30 միլիառ խորանարդ մեթր կազ հասցնել Թուրքիոյ արեւմուտքը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներուն, ներառեալ՝ Պուլկարիոյ, Սերպիոյ եւ Հունգարիոյ։

comments

Advertisement