By Asbarez | Wednesday, 15 January 2020
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Մինչ Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ տեղքայլի մէջ, ցուցարարները վերջին քանի մը օրերուն վերադարձան փողոց, իրենց բողոքը արտայայտելու:
13 Յունուարին, ցուցարարները փակեցին Զահլէի պետական կարգ մը կեդրոններ եւ արգիլեցին, որ պաշտօնեաները մուտք գործեն:
Միւս կողմէ, ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պաալպեքի Կեդրոնական դրամատան դիմաց, ուր ապահովութեան ուժերը որդեգրած էին ապահովական խիստ միջոցառումներ:
Ցուցարարները անդադար կրկ-նեցին երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային քաղաքականութիւնը դատապարտող կարգախօսներ:
Թրիփոլիի մէջ ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին ելեւմտայարկի յատուկ կառոյցին դիմաց եւ արգիլեցին պաշտօնէութեան շէնք մուտքը:
Երեկոյեան ցուցարարներ փակեցին Սայտայի Էլիա հրապարակը, ուր վրաններ լարեցին: Այդ պատճառով ալ անոնք բախումներ ունեցան լիբանանեան բանակին հետ, որ փորձեց վերաբանալ ճամբան: Բախումները պատճառեցին 5 վիրաւորներ:
Պէյրութի պարագային, ցուցարարները Երկուշաբթի երեկոյեան փակեցին Ռինկի կամուրջը, սակայն Ռինկէն Էշրեֆիէ տանող անցքը բաց պահեցին: Ուշ գիշերին, ցուցարարներ փակեցին Համրայի Կեդրոնական դրամատան ճամբան՝ դատապարտելով դրամատնային քաղաքականութիւնը: Մեծ թիւով ներքին ապահովութեան ուժեր ուղղուեցան Կեդրոնական դրամատուն եւ շրջափակեցին զայն: Աւելի ուշ, ցուցարարները ողողեցին Ռիատ Սոլհի հրապարակը:
comments
Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկեցին Արցախի Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր
Պաքու Կը Քննադատէ Այվազեանի Արցախ Այցելութիւնը
Ատրպէյճանցիները Գոհ Չեն Արցախի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Ներկայութենէն
Փութին Եւ Մաքրոն Քննեցին Արցախի Իրավիճակը
Ատրպէյճան Կը Դանդաղեցնէ Արցախ Առաքելութիւն Ուղարկելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի Փորձերը
Ալիեւ Դարձեալ Կը Խօսի Երեւանին Եւս Տիրանալու Մասին
Իրան Պատրաստ Է Արցախի Պատերազմէն Քանդուած Շրջաններու Վերաշինութեան Մասնակցելու
Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Շարունակելու Իր Ջանքերը ԵԱՀԿի Մինսկի Խմբակին Մէջ․ Թրէյսի
Գերմանիան 2 Միլիոն Եուրօ Տրամադրեց Ղարաբաղի Մէջ Մարդասիրական Ծրագիրներ Իրականացնելու