By Asbarez | Wednesday, 19 February 2020
ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Երկուշաբթի, 17 Փետրուարին, սուրիական բանակին կողմէ Հալէպի արեւմտեան եւ հիւսիս-արեւմտեան գիւղերը ամբողջովին ազատագրուելէ ետք, Սուրիոյ փոխադրութեան նախարար Ալի Համմուտ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Չորեքշաբթի, 19 Փետրուարին, Հալէպի օդակայանը պիտի վերաբացուի եւ այս շաբթուան ընթացքին Հալէպ-Դամասկոս, Հալէպ-Գահիրէ թռիչքները պիտի կարգաւորուին։
16 Փետրուարին, սուրիական բանակը իր զինուորական գործողութիւնները սաստկացուց Հալէպի արեւմտեան արուարձանին մէջ գտնուող «Ճապհաթ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկիչներուն դէմ, ազատագրելով Հալէպի արեւմտեան եւ հիւսիս-արեւմտեան շրջաններու շարք մը գիւղերը, ինչպէս նաեւ Իտլիպ շրջանի Խան Շէյխուն տարածքի հիւսիսային Ռաքայա գիւղը, ամբողջական հսկողութեան տակ առնելով Հալէպ նահանգը։ Նշենք, որ Հալէպի մէջ յաղթանակի տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան:
comments
Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկեցին Արցախի Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր
Պաքու Կը Քննադատէ Այվազեանի Արցախ Այցելութիւնը
Ատրպէյճանցիները Գոհ Չեն Արցախի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Ներկայութենէն
Փութին Եւ Մաքրոն Քննեցին Արցախի Իրավիճակը
Ատրպէյճան Կը Դանդաղեցնէ Արցախ Առաքելութիւն Ուղարկելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի Փորձերը
Ալիեւ Դարձեալ Կը Խօսի Երեւանին Եւս Տիրանալու Մասին
Իրան Պատրաստ Է Արցախի Պատերազմէն Քանդուած Շրջաններու Վերաշինութեան Մասնակցելու
Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Շարունակելու Իր Ջանքերը ԵԱՀԿի Մինսկի Խմբակին Մէջ․ Թրէյսի
Գերմանիան 2 Միլիոն Եուրօ Տրամադրեց Ղարաբաղի Մէջ Մարդասիրական Ծրագիրներ Իրականացնելու