By Asbarez | Thursday, 12 March 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Բազմամշակութային խճանկար հիմնարկը (Multicultural Mosaic Foundation (MMF)) 8 Մարտին տարածեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող յայտարարութիւն մը:
1997ին հիմնուած հիմնարկը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնը տարբեր ազգերու, մշակոյթներու եւ կրօններու փոխըմբռնումը, երկխօսութիւնը եւ խաղաղութեան տարածումն է, սերտօրէն կապ ունի թուրք այլախոհ կրօնական առաջնորդ, քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենին, որ այժմ կը բնակի Փենսիլվանիա նահանգը:
«Հիմնարկը երեք տարի առաջ կազմած է յատուկ մարմին մը՝ պարզելու, թէ ինչ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներուն 1915ին: Այդ մարմինին անդամները երեք տարուան ընթացքին մասնակցած են հայկական, օսմանեան եւ ցեղասպանութիւններու պատմութեան նուիրուած քննարկումներուն, հանդիպած են Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն, անոնց ժառանգներուն եւ այոց հետ: Այնուհետեւ, մարմինը որոշած է քուէարկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն ի նպաստ:
«Մարմինին 20 անդամները միաձայնութեամբ կողմ քուէարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ որոշումը ներկայացուեցաւ ղեկավար խորհուրդին՝ որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկ: Հիմնարկին ղեկավարութիւնը հետեւեցաւ այդ խորհուրդին եւ 7 Մարտին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ.
comments
Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկեցին Արցախի Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր
Պաքու Կը Քննադատէ Այվազեանի Արցախ Այցելութիւնը
Ատրպէյճանցիները Գոհ Չեն Արցախի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Ներկայութենէն
Փութին Եւ Մաքրոն Քննեցին Արցախի Իրավիճակը
Ատրպէյճան Կը Դանդաղեցնէ Արցախ Առաքելութիւն Ուղարկելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի Փորձերը
Ալիեւ Դարձեալ Կը Խօսի Երեւանին Եւս Տիրանալու Մասին
Իրան Պատրաստ Է Արցախի Պատերազմէն Քանդուած Շրջաններու Վերաշինութեան Մասնակցելու
Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Շարունակելու Իր Ջանքերը ԵԱՀԿի Մինսկի Խմբակին Մէջ․ Թրէյսի
Գերմանիան 2 Միլիոն Եուրօ Տրամադրեց Ղարաբաղի Մէջ Մարդասիրական Ծրագիրներ Իրականացնելու