Էրտողան Ամերիկայի Տրամադրուած Աջակցութիւնը Կը Կապէ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Հետ

By Asbarez | Wednesday, 29 April 2020

0429erdo

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- 28 Ապրիլին, Թուրքիա բժշկական օգնութիւն ղրկեց Ամերիկա՝ նպաստելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին։

500,000 բժշկական դիմակներուն, 400,000 բժշկական տարազներուն,  400 N95 դիմակներուն եւ այլ առարկաներու կողքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ամերիկացի իր պաշտօնակիցին յղեց նամակ մը, որուն մէջ, ի միջի այլոց, կ՛ըսէ․ «Յոյս ունիմ, որ յառաջիկային Քոնկրեսը եւ ամերիկեան մամուլը համաճարակին ընթացքին մեր ցուցաբերած զօրակցութեան ազդեցութեամբ աւելի լաւ ձեւով կ՛ըմբռնեն մեր յարաբերութիւններուն ռազմավարական կարեւորութիւնը եւ կ՛առաջնորդուին այն մտայնութեամբ, որ մեր ընդհանուր հարցերուն դէմ պէտք է համատեղ պայքար մղենք»։

comments

Advertisement