By Armenian Revolutionary Federation - Սարգիս Զէյթլեան | Wednesday, 12 August 2020
Պայմանագրի 89-րդ յօդուածով Թուրքիան և Հայաստանը կը պայմանւորուին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի և Պիթլիսի նահանգներու Թուրքիայի և Հայաստանի միջև սահմանագծման պարտականութիւնը յանձնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իրաւարարութեան։
1920 թուականի Նոյեմբեր 22-ին Ամերիկայի Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընը ստորագրեց վերջնական զեկոյցը, որուն խորագիրն էր «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումը Թուրքիոյ և Հայաստանի միջև սահմաններու, Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու և Հայաստանին յարակից թրքական տարածքներու ապառազմականացման վերաբերեալ»։ Նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով՝ Հայաստանին յանձնուող տարածքը 103,599 քառակուսի քիլոմեթր էր, որը միաւորուելով Անդրկովկասի մէջ արդէն երկու տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ հայկական միացեալ անկախ պետութիւնը պիտի ունենար 160 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն՝ եւ Տրապիզոնի նահանգով ելք՝ դէպի Սեւ ծով։
Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ սահմանագծին յարող օսմանեան բոլոր տարածքներու ապառազմականացման վերաբերեալ Ուիլսընեան վճիռը իրաւամբ Հայոց Պատմութեան մեծագոյն ռազմավարական յաղթանակներէն մէկն է, որ աւաղ օրուան աշխարհաքաղաքական աննպաստ պայմաններուն, եւ քաղաքական տարբեր ուժերու շահերու բախման պատճառով՝ կեանքի չկոչուեցաւ:
Այսօր, Թուրքիոյ կողմէ պատմական Հայաստանի բռնագրաւումը, ազգասպանութիւնը, պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, ուրացումն ու ժխտողականութիւնը՝ Թուրքիոյ պետութիւնը կը տեղադրեն յանցագործութեան աթոռին։ Անարդարութիւնը եւ պատմական խոցը դարմանելու միակ ելքը՝ հատուցումն է, որ կ՚ենթադրէ հատուցել Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդին կրած ֆինանսական եւ գոյքային կորուստները, մշակութային քաղաքակրթական եւ ժողովրդագրական կորուստները։ Սեւրի Ուիլսընեան վճիռը այդ հատուցման գրեթէ ամբողջական փաթեթը պարփակող լաւագոյն վաւերաթուղթն է։
Ա ՄՆ նախագահ Վիլսոնի իրաւարար վճիռը հայութեան պահանջատիրական դատին կը հաղորդէ իւրայատուկ ուժ, ընդ որում, Հայաստանն ու հայութիւնը տիրացան՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հայութեան տեսլականը նուիրագործող միջազգային Իրաւունքի անժամանցելի իրաւաթուղթին։
Փոքր Ասիա-Հայկական բարձրավանդակ-Մերձաւոր Արեւելք տարածաշրջանի քաղաքական քարտէսներու վերադասաւորման քաոսին մէջ, աշխարհաքաղաքական եւ կրօնամշակութային հրատապ հիմնախնդիրներով շեշտադրուած պատմութեան ներկայ հոլովոյթին յամընթաց, քաղաքական անլոյծ բազում բեւեռացումներ դեռեւս անթեղուած վիճակի մէջ են, որոնց առկայծումը մէկ օրէն միւսը կրնայ հիմնովին վերագծել շատ մը սահմաններ, այնպէս ինչպէս կը պատահի եւրոպական ճակատին վրայ։
Կարսի, Արտահանի, Սուրմալուի, Պիթլիսի ու Տրապիզոնի վրայ կը սաւառնի «Սեւրի ստուերը», որովհետեւ, Հայոց ցեղասպանութեամբ, ազգաբնաջնջմամբ, հողազրկմամբ ու հայրենազրկմամբ բնորոշուող Հայկական Հարցը՝ իր բովանդակ էութեամբ առ այսօր անլոյծ է եւ իր իրաւական արդար հանգուցալուծման կը սպասէ. իսկ Հայ Դատի լուծումը՝ հայ ազգին ու հայոց պետականութեան համար այսօր եւ վաղը այլեւս կենսագոյութեան հարց է, ճանաչումէն եւ դատապարտումէն անդին՝ հատուցման հարց է։
Մեր իրաւունքներուն տէր կանգնելու համար, մեր գոյատեւման պատուանդանները հզօրացնելու ու Սեւրի ուղին նուիրագործելու համար, այսօր մեզ անհրաժեշտ է Մարտակերտէն մինչեւ Տաւուշ ու Սփիւռք՝ համահայկական միասնութիւն եւ նպատակաուղղուած պայքարի ուժականութիւն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ