Թուրքերը Անիի Մէջ Պեղումներ Կիրականացնեն

By Asbarez | Monday, 16 August 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Անիի աւերակներուն մէջ կը կատարուին նոր պեղումներ: Նոյն ժամանակ, 4 տարբեր կէտերու մէջ իրականացուող պեղումի աշխատանքներուն կը մասնակցին Թուրքիոյ 12 տարբեր համալսարաններէ արուեստի պատմութեան մասնագէտներ, հնագէտներ, ճարտարապետներ եւ վերականգնող մասնագէտներ, կը գրէ «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը: Թրքական լրատուամիջոցը բնականաբար չի նշեր Անիի հայկական ըլլալուն մասին, այլ կը բաւարարուի միայն յիշատակելով բագրատունիները:

Աշխատանքները ղեկավարող դոկտ. Մուհամմետ Արսլան կը յայտնէ, որ պեղումներուն ընթացքին հայտնաբերուած բոլոր գտածօները կը յանձնուին թանգարաններուն՝ աւելցնելով, որ պեղումներուն եւ վերականգնողական աշխատանքներուն հիմնական նպատակը իսլամական շինութիւններ վերանորոգելն է:

Այսպէս, աղբիւրին համաձայն, պեղումներուն հետեւելու նպատակով, Անի այցելած Կարսի նահանգապետ Թիւրքեր Օքսիւզ լրագրողներուն յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Անատոլիոյ առաջին մզկիթը համարուող Անիի Մանուչէի մզկիթը 16 Օգոստոսին պիտի բացուի իսլամական արարողութիւններու համար:

comments

Advertisement