Թուրքիա Պիտի Ձեռնարկէ Քայլերու, Եթէ Հայաստան Օգտուի Այս Առիթէն. Էրտողան

By Asbarez | Tuesday, 31 August 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 25 Օգոստոսին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պիթլիս նահանգի մէջ շարք մը երկիրներու դեսպաններու հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան համար պայմաններ ստեղծուած են։ Ըստ անոր՝ այդ պայմանները ստեղծուած են «Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւման աւարտէն ետք»։

«Եթէ Հայաստան օգտուի այս առիթէն, մենք ալ անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկենք», շեշտեց Թուրքիոյ նախագահը։

comments

Advertisement