Մոսկուա Պատրաստ Է Թուրքիոյ Օգտնելու Արդիական Ռազմական Օդանաւեր Արտադրելու Ծրագիր Իրականացնելու Համար

By Asbarez | Wednesday, 17 November 2021



ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Մոսկուա բանակցութիւններ կը վարէ Անգարայի հետ՝ թրքական արդիական ռազմական օդանաւեր արտադրելու ծրագիրը իրականցելու համար, կը յայտնէ Ռուսիոյ Ռազմաարտհեստագիտական համագործակցութեան դաշնակցային սպասարկութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկաեւ:

Աւելի կանուխ, Ուաշինկթըն որոշած էր կասեցնել Թուրքիոյ «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւեր ծախելու ծրագիրը, որովհետեւ Անգարա որոշած էր ռուսական հակահրթիռային համակարգեր գնել:

«Ռուսիա բազմաթիւ անգամներ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է աջակցելու Թուրքիոյ՝ հինգերորդ սերունդի ռազմական օդանաւեր արտադրելու հարցով: Այժմ կը գտնուինք այդ նախագիծին շուրջ բանակցութիւններու փուլին մէջ», մանրամասնեց Շուկաեւ:

comments

Advertisement